Ֆրանսական մարզական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ սպանացի մասնագէտ Լուիս Էնրիքէ շուտով պիտի ստանձնէ Փարիզ Սեն Ժերմենի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ կողմերը արդէն իսկ համաձայնութեան եկած են իրարու հետ` երկու տարուան պայմանագիրի մը շուրջ:
53 տարեկան Էնրիքէ նախորդ դեկտեմբերին Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնէն երկրորդ անգամ հեռանալէն ետք այժմ որեւէ կազմի մարզիչի պաշտօնը չի վարեր:
Նշենք, որ ան նախապէս եղած է Պարսելոնայի, Սելթա Վիկոյի եւ Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչը: