Ամերիկեան Ինթեր Մայեմի ֆութպոլի ակումբը, որուն մաս կը կազմէ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, նախորդ շաբաթավերջին համաձայնութեան եկաւ քաթալոնական Պարսելոնայի յետսապահ` Եորտի Ալպայի հետ:
Նշուեցաւ, որ Մայեմի երկու տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց անոր հետ:
Ախոյեանութեան օրէնքներուն համաձայն, առաւելագոյն աշխատավարձը, որ Ինթեր Մայեմի կրնայ առաջարկել սպանացիին, տարեկան երկու միլիոն ամերիկեան տոլար է:
Շատ հաւանական է, որ խումբին միանայ նաեւ Պարսելոնայի խմբապետ Սերճիօ Պուսքեթց: