Մարզական

Մեսսի Նշանակեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ  Ասպարէզին Ամէնէն Արագ Կոլը

Մեսսի Նշանակեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին Ամէնէն Արագ Կոլը

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան Արժանթին, Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ մրցեցաւ Աւստրալիոյ դէմ: Լիոնել Սքալոնիի գլխաւորած կազմը` Արժանթին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Մրցումին 79-րդ երկվայրկեանին յառաջապահ Լիոնել Մեսսի նշանակեց առաջին կոլը, մինչ երկրորդը նշանակեց սպանական Ռէալ Պեթիսին մաս կազմող յետսապահ Ժերման Փեցելլա (68-րդ): Նշենք, որ Արժանթինի խմբապետը` Մեսսի, այսպիսով նշանակեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ամէնէն...

Թենիս.  Խաչանով Պիտի Բացակայի Հալի  Միջազգային Մրցաշարքէն

Թենիս. Խաչանով Պիտի Բացակայի Հալի Միջազգային Մրցաշարքէն

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի անուանի թենիսմեն Կարէն Խաչանով իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Հալի «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին: Խաչանով յայտնեց, որ «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ընթացքին թեթեւօրէն վիրաւորուած ըլլալով, յաւելեալ ժամանակի պէտք ունի լաւապէս ապաքինելու համար: Աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման 10-րդ դիրքին վրայ գտնուող...

«Եւրօ-2024».  Այսօր` Կալես-Հայաստան  Զտումի Մրցումը

«Եւրօ-2024». Այսօր` Կալես-Հայաստան Զտումի Մրցումը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, այսօր` ուրբաթ, 16 յունիսին, հիւրը պիտի ըլլայ Կալեսին: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Քարտիֆի «Սիթի» մարզադաշտին մէջ, պիտի սկսի ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), մինչ օրուան կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Կէորկի Նիքոլով Քապաքով (Պուլկարիա): Ուքրանացի մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը նախքան Քարտիֆ իր...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Հայաստան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի  Եւ Չորս Պրոնզ Մետալի` Թիրանայի Մէջ

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ Մէկ Ոսկի Եւ Չորս Պրոնզ Մետալի` Թիրանայի Մէջ

Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ աւարտած Եւրոպայի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ հինգ մետալի: Հայաստանի համար պրոնզ մետալներ ապահովեցին Եուրիկ Մխիթարեան (45 քկ), Սամուէլ Տէրտէրեան (60 քկ), Գոռ Խաչատրեան (71 քկ) եւ Գրիշա Ոսկանեան (92 քկ): Նշենք, որ անոնցմէ առաջ Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմող Պետրոս Աշկարեան հանդիսացած էր ախոյեան` 65 քկ դասակարգին մէջ, աւարտականին 5-3 արդիւնքով յաղթելով վրացի...

Մահացաւ Ամերիկացի Ողիմպիական  Ախոյեան Հարվի Կլենս

Մահացաւ Ամերիկացի Ողիմպիական Ախոյեան Հարվի Կլենս

Ամերիկացի անուանի վազող Հարվի Կլենս, որ 1976-ի ողիմպիականի խաղերուն տիրացած էր ոսկի մետալի, 66 տարեկան հասակին մահացաւ սրտի կաթուածի հետեւանքով, այս մասին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու աթլեթիզմի ֆետերասիոնը: Ան նաեւ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 4x100 մեթր վազքի մրցումներուն` 1987-ին: Նշենք, որ ան փանամերիկեան խաղերու կրկնակի ախոյեան է (1979 եւ 1987), ինչպէս նաեւ` աշխարհի բաժակակիր (1985):

Պարսելոնա Տարուան Մը Ընթացքին Ընդհանուր  Աշխատավարձը Կրճատեց 126 Միլիոն Եւրոյով

Պարսելոնա Տարուան Մը Ընթացքին Ընդհանուր Աշխատավարձը Կրճատեց 126 Միլիոն Եւրոյով

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա յաջողեցաւ տարուան մը ընթացքին իր ֆութպոլիստներուն աշխատավարձը կրճատել 126 միլիոն եւրոյով եւ նուազեցնել 530 միլիոն եւրոյի, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Աշխատավարձի այս կրճատումը կատարուեցաւ Ժերար Փիքէի, Մեմֆիս Տեփայի, Սերճի Պուսքեթցի եւ Եորտի Ալպայի հեռանալուն շնորհիւ: Պարսելոնա յաւելեալ 50 միլիոն եւրօ եւս պիտի կրճատէ այլ ակումբներու փոխ տրուած Քլեման Լանկլէի, Սամուէլ Ումթիթիի, Սերճինիօ Տեսթի, Ալեքս...

Ալպա Կրնայ Տեղափոխուիլ  Ինթեր Մայեմի

Ալպա Կրնայ Տեղափոխուիլ Ինթեր Մայեմի

Պարսելոնայի նախկին յետսապահ Ժորտի Ալպա կը մտադրէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակել Միացեալ Նահանգներու մէջ` նկատի ունենալով, որ բանակցութիւններ կը կատարէ ամերիկեան շարք մը ակումբներու, որոնց կարգին` Ինթեր Մայեմիի հետ, որուն վերջերս միացաւ անոր նախկին խմբակիցը` Լիոնել Մեսսի: Բացի ատկէ, ան առաջարկ ստացած է նաեւ Սէուտական Արաբիայէն: 34 տարեկան ֆութպոլիստը ցարդ որոշում չէ տուած իր ապագային գծով եւ շատ հաւանաբար...

Ինթեր Միլան Նոր Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Առաջարկէ Ինցակիի

Ինթեր Միլան Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Ինցակիի

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան պիտի երկարաձգէ իր համագործակցութիւնը խումբի իտալացի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակիի հետ, այս մասին յայտնեց իտալական մարզական մամուլը: Նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած պիտի ըլլայ մինչեւ յունիս 2025, ինչպէս նաեւ պիտի բարձրանայ 47 տարեկան մասնագէտին աշխատավարձը: 2021-ին Ինթեր Միլանը գլխաւորած Ինցակի այս տարեշրջանին իր կազմին հետ գրաւեց Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան երրորդ դիրքը:  

Ռոմելու Լուքաքու Մեկնեցաւ  Սէուտական Արաբիա

Ռոմելու Լուքաքու Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Ա. Սէ. Միլանի փոխ տրուած պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու այս շաբաթասկիզբին մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա: Ըստ իտալական մարզական մամուլին, Հիլալ 30 տարեկան ֆութպոլիստին առաջարկած է երկու տարուան պայմանագրութիւն մը, տարեկան` 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձով: Նշենք, որ Լուքաքուի ստորագրութիւնը կը պատկանի լոնտոնեան Չելսիին, որուն հետ ան մինչեւ յունիս 2026 պայմանագրութիւն մը ստորագրած է: Անգլիական ակումբը Լուքաքուի փոխանցումէն կ՛ակնկալէ 50 միլիոն եւրօ:  

Պելինկհեմ` Ռէալ Մատրիտի Պատմութեան  6-րդ Անգլիացի Ֆութպոլիստը

Պելինկհեմ` Ռէալ Մատրիտի Պատմութեան 6-րդ Անգլիացի Ֆութպոլիստը

Անգլիացի միջնապահ Ժուտ Պելինկհեմ իր ակումբը` Պորուսիա Տորթմունտը լքելով միացաւ Ռէալ Մատրիտին: 19 տարեկան անգլիացին մինչեւ 2029-ի ամառը պայմանագրութիւն մը ստորագրեց արքայական ակումբին հետ: Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման համար Տորթմունտ ստացաւ 103 միլիոն եւրօ, ինչպէս նաեւ պիտի ստանայ յաւելեալ պարգեւավճարներ, որոնք կը գնահատուին շուրջ 31 միլիոն եւրոյով: Այսպիսով, ան դարձաւ Ռէալ Մատրիտի պատմութեան 6-րդ անգլիացի ֆութպոլիստը: Անկէ առաջ խումբին միացած...

Կուարտիոլա Իր Պարգեւավճարը Փոխանցեց  Մանչեսթըր Սիթիի Աշխատակիցներուն

Կուարտիոլա Իր Պարգեւավճարը Փոխանցեց Մանչեսթըր Սիթիի Աշխատակիցներուն

Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա իր կազմին հետ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով ստացաւ շուրջ 750 հազար փաունտ պարգեւավճար, ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններով: Սակայն նշուեցաւ, որ ան այդ պարգեւավճարը փոխանցած է ակումբին աշխատակակիցներուն: Սպանացիին փոխանցած այդ գումարէն նոյնիսկ օգտուեցան հիւրընկալութեան աշխատակիցները եւ անվտանգութեան հսկող անձերը:    

Թենիս.  Ուիմպըլտընի Մրցաշարքի Մրցանակային  Հիմնադրամը Պիտի Ըլլայ Մրցանշային

Թենիս. Ուիմպըլտընի Մրցաշարքի Մրցանակային Հիմնադրամը Պիտի Ըլլայ Մրցանշային

Անգլիական մարզական մամուլին համաձայն, Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքի մրցանակային հիմնադրամը այս տարի պիտի ըլլայ մրցանշային` կազմելով 44,7 միլիոն փաունտ (շուրջ` 52,2 միլիոն եւրօ): Նախորդ տարուան համեմատ, տարուան այս երրորդ կրան շլեմի մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը աւելցաւ 11,2 տոկոսով: Տղոց եւ աղջկանց ախոյեանները պիտի ստանան 2,35-ական միլիոն փաունտ, իսկ փոխախոյեանները` 1,175-ական միլիոն փաունտ: Նշենք, որ Ուիմպըլտընը տեղի պիտի ունենայ 3-16...

«Եւրօ-2024».  Տարօն Ոսկանեան  Եւս Վիրաւորուեցաւ

«Եւրօ-2024». Տարօն Ոսկանեան Եւս Վիրաւորուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 3-րդ եւ 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն նախօրեակին ունեցաւ այլ կորուստ մըն ալ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի պատուիրակութեան հետ Քարտիֆ չյաջողեցաւ մեկնիլ Ալաշկերտ-Երեւանի յետսապահ Տարօն Ոսկանեան, որ փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ: Ոսկանեանէն առաջ կազմէն հեռացած էր ռուսական Ռոսթովի միջնապահ Խորէն Բայրամեան: Նշենք, որ ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, վաղը` ուրբաթ,...

Այսօր` Հիւսիսային  Մակեդոնիա-Հայաստան

Այսօր` Հիւսիսային Մակեդոնիա-Հայաստան

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր` հինգշաբթի, 15 յունիսին, Հայաստանի 21 տարեկանէն վար ազգային խումբը, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Սքոփյէի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Հիւսիսային Մակեդոնիոյ: Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին հայրենի կազմը իր կատարած մարզական հաւաքով լաւապէս պատրաստուեցաւ այս մրցումին, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Ռաֆայէլ Նազարեան:  

Ծանրաբարձութիւն.  Աշխարհի Ախոյեանութիւնը  Տեղի Պիտի Ունենայ Մանամայի Մէջ

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Տեղի Պիտի Ունենայ Մանամայի Մէջ

Միջազգային ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ 2024-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պահրէյնի մայրաքաղաք Մանամայի մէջ: Այս որոշումը տրուեցաւ Քուպայի մայրաքաղաք Հաւանայի մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնի գործադիր յանձնախումբին նիստին: Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը հիւրընկալելու համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին նաեւ Երեւան եւ Ալպանիոյ մայրաքաղաքը` Թիրանա: Այս տարի Երեւան հիւրընկալած էր Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, մինչ Մանամա 2022-ին հիւրընկալած...

Կուարտիոլա Որոշեց Իր Պայմանագրութիւնը  Չերկարաձգել Մանչեսթըր Սիթիի Հետ

Կուարտիոլա Որոշեց Իր Պայմանագրութիւնը Չերկարաձգել Մանչեսթըր Սիթիի Հետ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան, բաժակակիր եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսակիր Մանչեսթըր Սիթիի գլխաւոր մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա որոշեց իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգել իր ակումբին հետ: Այսպիսով, քաթալոնացի մարզիչը 2025-ի ամրան պիտի հեռանայ մանչեսթըրեան ակումբէն, որուն միացած էր 2016-ին: 52 տարեկան մասնագէտը կը փափաքի ստանձնել իտալական ակումբի մը մարզիչի պաշտօնը կամ ազգային խումբ մը ստանձնել: Ան անցեալին եղած է նաեւ Պարսելոնայի եւ Պայէրն...

Վինիսիուս Ժունիոր Ռէալ Մատրիտէն  Ստացաւ Թիւ 7 Մարզաշապիկը

Վինիսիուս Ժունիոր Ռէալ Մատրիտէն Ստացաւ Թիւ 7 Մարզաշապիկը

Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յառաջապահ Վինիսիուս Ժունիոր յառաջիկայ տարեշրջանին դաշտ պիտի ներկայանայ թիւ 7 մարզաշապիկով: Պելճիքացի միջնապահ Էտեն Հազարի հեռանալէն ետք թիւ 7 մարզաշապիկը մնացած էր ազատ: Նշենք, որ Ժունիոր դաշտ կը ներկայանար թիւ 20 մարզաշապիկով, որ այժմ տրուած է արքայական ակումբ վերադարձած սպանացի յետսապահ Ֆրան Կարսիային: Մայրաքաղաքի կազմին հետ նախապէս թիւ 7 մարզաշապիկը կրած են սպանացի յառաջապահ Ռաուլ...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Էմպափէի Ստորագրութիւնը  Տալու Համար Կը Պահանջէ 150 Միլիոն Եւրօ

Փարիզ Սեն Ժերմեն Էմպափէի Ստորագրութիւնը Տալու Համար Կը Պահանջէ 150 Միլիոն Եւրօ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր ֆութպոլիստին` Քիլիան Էմպափէի ստորագրութիւնը տալու համար կը պահանջէ 150 միլիոն եւրօ: Ինչպէս ծանօթ է, ան նախանցեալ օր յայտնեց, որ 2023-2024 տարեշրջանը անոր համար պիտի ըլլայ վերջինը` մայրաքաղաքի կազմին հետ: Սեն Ժերմեն անոր փոխանցման համար այդ գումարը կը պահանջէ, որովհետեւ յառաջիկայ տարեշրջանին եթէ ան հեռանայ, անոր մեկնումով ոչինչ պիտի ստանայ: Ֆրանսայի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան,...

Նափոլի Կը Բանակցի  Կալթիէի Եւ Կարսիայի Հետ

Նափոլի Կը Բանակցի Կալթիէի Եւ Կարսիայի Հետ

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Նափոլիի ղեկավարութիւնը գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին համար կը բանակցի Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիչ Քրիսթոֆ Կալթիէի հետ: Կ՛ակնկալուի, որ 1 յուլիսին Կալթիէ հեռանայ մայրաքաղաքի կազմէն: Նշուեցաւ, որ ասոր զուգահեռ, Նափոլի բանակցութիւններ կը կատարէ նաեւ ֆրանսացի Ռուտի Կարսիայի հետ, որ նախորդ ապրիլին հեռացաւ Նասըրէն (Սէուտական Արաբիա): Կարսիա նախապէս եղած է Լիոնի, Մարսէյի եւ Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչ: Նշենք, որ Նափոլիէն...

Պոլսոյ Մէջ Սպաննուեցաւ  40 Տարեկան Ռուս Համակիր Մը

Պոլսոյ Մէջ Սպաննուեցաւ 40 Տարեկան Ռուս Համակիր Մը

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին յաջորդող օրը, Պոլսոյ կեդրոնական մէկ փողոցին մէջ սպաննուեցաւ Մոսկուայի բանակայիններու 40 տարեկան համակիր Վիաչեսլաւ Նեչիփորչուք, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը: Ան գործով ժամանած էր Թուրքիա` իր բարեկամներուն հետ աւարտականի մրցումը դիտելու համար: Պանդոկ վերադարձին անոր վրայ յարձակած են չորս անձեր, որոնք ըստ երեւոյթին գողեր էին եւ կը փորձէին գողնալ անոր բջիջային հեռախօսը:...

Page 286 of 1280 1 … 285 286 287 … 1,280

Արխիւներ