Իտալիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Նափոլիի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ֆրանսացի փորձառու մասնագէտ Ռուտի Կարսիա նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով իտալացի Լուչիանօ Սփալեթթին:
59 տարեկան Կարսիայի վերջին ակումբն էր Սէուտական Արաբիոյ փոխախոյեան Նասըրը, ուրկէ ան հեռացաւ նախորդ ապրիլին:
Նշենք, որ Կարսիա անցեալին փորձառութիւն ունեցած է պաշտօնավարելու Իտալիոյ մէջ, որովհետեւ եղած է Ա. Էս. Ռոմայի մարզիչը` 2013-էն 2016:
Ան եղած է նաեւ ֆրանսական Լիլ, Մարսէյ եւ Լիոն ակումբներու մարզիչ: