Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2023-2024 տարեշրջանին յայտագիրը, որուն մեկնարկը պիտի տրուի ուրբաթ, 11 օգոստոսին, երբ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթի հիւրը պիտի ըլլայ Պըրնլիին:
Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ պիտի հիւրընկալէ Նոթինկհամ Ֆորեսթը, Չելսի` Լիվըրփուլը, իսկ Մանչեսթըր Եունայթըտ` Վուլվզը:
Ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 19 մայիս 2024-ին: