Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եւրօ-2024». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը 4-2 Արդիւնքով Յաղթեց Կալեսի` Քարտիֆի Մէջ

June 19, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր` Երկուշաբթի, Հայաստան
Կը Հիւրընկալէ Լաթվիան

«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր երկրորդ մրցումը, երբ Քարտիֆի մէջ հիւրը եղաւ Կալեսի:

Հայրենի կազմը, որ մրցաշարքը սկսած էր պարտութեամբ, արձանագրեց բաւական տպաւորիչ յաղթանակ մը` 4-2 արդիւնքով:

Իսկ Կալես, որ իր կատարած նախորդ երկու մրցումներուն արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ հաւասարութիւն մը, կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը:

Ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, որ ունեցաւ շատ լաւ ելոյթ մը, այսպիսով արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը, շնորհիւ ամերիկեան Քոլամպուս Քրուի միջնապահ Լուքաս Սելարայեանի եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի յառաջապահ Հրանդ-Լէոն Ռանոսի նշանակած կոլերուն:

Սելարայեան իր կոլերը նշանակեց 19-րդ եւ 75-րդ վայրկեաններուն, իսկ Ռանոս իր կոլերը նշանակեց 30-րդ եւ 66-րդ վայրկեաններուն:

Հիւրընկալ կազմը իր կոլերը նշանակեց 10-րդ եւ 72-րդ վայրկեաններուն, մինչ անիկա մրցումը աւարտեց տասը մարզիկով, երբ անոր մէկ մարզիկը 78-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Դ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի համար արձանագրուած այս յաղթանակը եղաւ բաւական կարեւոր, եւ այդ մէկը` Լաթվիոյ դէմ տեղի ունենալիք մրցումին նախօրեակին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր` երկուշաբթի, 19 յունիսին, Վազգէն Սարգսեանի հանրապետական մարզադաշտին մէջ, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով):

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ այսօրուան մրցումին բոլոր տոմսերը արդէն իսկ սպառած են:

 

 

 

 

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Հայաստան Տիրացաւ 5 Մետալի

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Մարզիկները Երրորդ` Հեծելարշաւի «Թանիոս Միր» Մրցաշարքի Մասթըր Եւ Էլիթ Դասակարգերուն Մէջ

RelatedPosts

Թայքուանտօ.  Ոսկի Եւ Պրոնզ Մետալներ` Քաթարի Միջազգային Մրցաշարքին
Մարզական

Թայքուանտօ. Ոսկի Եւ Պրոնզ Մետալներ` Քաթարի Միջազգային Մրցաշարքին

October 21, 2026
Արթուր Ալեքսանեան Ողնայարի  Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ
Մարզական

Արթուր Ալեքսանեան Ողնայարի Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

October 21, 2026
Բռնցքամարտ.  Աֆրիկեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Աֆրիկեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.