Իտալիա Գրաւեց Երրորդ Դիրքը
Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, որ տեղի կ՛ունենար երրորդ անգամ ըլլալով` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կազմակերպութեամբ:
Աւարտականի մրցումին Սպանիա, որ մրցեցաւ Խրուաթիոյ դէմ, փենալթիներով 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով տիրացաւ տիտղոսին:
Նշենք, որ մրցումին հիմնական եւ երկարաձգման ժամանակը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ:
Աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ յաղթանակի փենալթին նշանակեց Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Տենի Քարվախալ:
Ինչ կը վերաբերի երրորդ դիրքի մրցումին, Եւրոպայի գործող ախոյեան Իտալիա 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Նետերլանտներու դէմ:
Նշենք, որ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի առաջին մրցաշարքին (2019) տիրացած էր Փորթուգալ, մինչ երկրորդին (2021)` Ֆրանսա: