Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ Նասեր Խելայֆի Մարոքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահի հետ, այս մասին յայտնեց միջազգային մարզական մամուլը:
Թէեւ Սալահի պայմանագրութիւնը Լիվըրփուլի հետ իր աւարտին կը հասնի յունիս 2025-ին, սակայն Խելայֆի իր աշխուժ բանակցութիւնները կը շարունակէ շարք մը ֆութպոլիստներու, որոնց կարգին` Սալահի հետ:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, փարիզեան կազմը կը փորձէ նաեւ ձեռք ձգել Մարքօ Ասենսիոյի եւ Պերնարտօ Սիլվայի ստորագրութիւնները:
Նշենք, որ 31 տարեկան Սալահ 2022-2023 տարեշրջանին Լիվըրփուլի հետ ընդամէնը կատարեց 51 մրցում, նշանակեց 30 կոլ եւ կատարեց 16 էսիսթ: