«Թրանսֆերմարքթ»-ի նոր տուեալներուն համաձայն, որոնք աւելիով կեդրոնացած են Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասկարգին մէջ ելոյթ ունեցող ֆութպոլիստներուն վրայ, Ինթեր Միլանին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը մնացած է անփոփոխ 11 նոյեմբեր 2022-էն 15 յունիս 2023-ի ժամանակամիջոցին եւ կը կազմէ 6 միլիոն եւրօ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեանի փոխանցման ամէնէն բարձր արժէքը եղած է 1 օգոստոս 2016-ին` 37 միլիոն եւրօ:
Մխիթարեան, որ յուլիս 2022-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ինթեր Միլանի, 49 մրցումի ընթացքին նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած 2 էսիսթ:


