Մարզական

Բազկամարտ. Եւրոպայի Հաշմանդամներու  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Ներկայացուցիչները  Տիրացան 21 Մետալի

Բազկամարտ. Եւրոպայի Հաշմանդամներու Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Ներկայացուցիչները Տիրացան 21 Մետալի

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Հայաստանի հաշմանդամներու ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը 9-16 յունիսին Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ 15 մարզիկով իր մասնակցութիւնը բերաւ Եւրոպայի բազկամարտի 24-րդ ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց նախարարութեան պաշտօնական կայքը: Հայաստանի ներկայացուցիչները, որոնք մրցեցան աջ եւ ձախ ձեռքերով, տիրացան 7 ոսկի, 5 արծաթ եւ 9 պրոնզ մետալներու: Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացան Սարգիս Ստեփանեան, Սարգիս Յարութիւնեան, Նայիրա Մեսրոպեան, Սարգիս...

Թենիս.  Էլինա Աւանեսեան Յաղթեց  11-րդ Դասուած Ռուս Տարիա Քասաթքինայի

Թենիս. Էլինա Աւանեսեան Յաղթեց 11-րդ Դասուած Ռուս Տարիա Քասաթքինայի

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի Էլինա Աւանեսեան, որ աղջկանց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ կը գրաւէ 81-րդ դիրքը, Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.-500» թենիսի միջազգային մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ բաւական կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց: 20 տարեկան Աւանեսեան իր յաղթանակը արձանագրեց աշխարհի դասաւորման 11-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տարիա Քասաթքինայի դէմ, 6-2, 3-6 եւ 7-6...

«Եւրօ-2024».  Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի  Պատմական Նուաճումը

«Եւրօ-2024». Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի Պատմական Նուաճումը

Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Նասըրի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, պատմական ցուցանիշի մը հեղինակը դարձաւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ: Արդարեւ, 38 տարեկան Ռոնալտօ Իսլանտայի դէմ տեղի ունեցած «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումին, որ աւարտեցաւ անոր կազմին յաղթանակով (1-0), իր 200-րդ մրցումը կատարեց իր կազմին հետ: Այսպիսով հինգ անգամ «Ոսկիէ գնդակ»-ի տիտղոսին տիրացած Ռոնալտօ հանդիսացաւ պատմութեան առաջին ֆութպոլիստը, որ ազգային խումբի մը...

«Եւրօ-2024».  Սկովտիա, Ֆրանսա, Անգլիա Եւ Փորթուգալ  Ապահովեցին Առաւելագոյն 12 Կէտը

«Եւրօ-2024». Սկովտիա, Ֆրանսա, Անգլիա Եւ Փորթուգալ Ապահովեցին Առաւելագոյն 12 Կէտը

Վերջին տասը օրերուն ընթացքին տեղի ունեցան «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի բազմաթիւ մրցումներ` տասը խմբակներու մէջ: Ինչպէս ծանօթ է, կարգ մը խումբերու մրցակիցները կը նկատուին համեմատաբար աւելի տկար, անոնց դէմ անոնցմէ զօրաւորները արձանագրեցին բաւական հանգիստ յաղթանակներ: Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, չորս կազմեր միայն` Սկովտիա (Ա. խմբակ), Անգլիա (Բ. խմբակ), Ֆրանսա (Գ. խմբակ) եւ Փորթուգալ (Ժ. խմբակ), ապահոված են առաւելագոյն 12...

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներ.  Գերմանիա Եւ Պրազիլ Կրեցին  Անակնկալ Պարտութիւններ

Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներ. Գերմանիա Եւ Պրազիլ Կրեցին Անակնկալ Պարտութիւններ

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներու ընթացքին, Գերմանիոյ եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբերը անակնկալ պարտութիւններ կրեցին: Գերմանիա, որ հիւրընկալեց Քոլոմպիան, անկէ կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Հարաւային ամերիկեան կազմին կոլերը նշանակեցին Եուվենթուսի միջնապահ Խուան Քուատրատօ եւ Լիվըրփուլի յառաջապահ Լուիս Տիաս: Հինգ անգամ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Պրազիլ իր դաշտին վրայ կրեց 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը` Սենեկալէն: Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց Պայէրն Միւնիխի...

Լուիս Սուարեզ Մտադիր Է Աւարտել  Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Լուիս Սուարեզ Մտադիր Է Աւարտել Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Պրազիլական Կրեմիոյին մաս կազմող ուրուկուէյցի անուանի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ մտադիր է աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, այս մասին յայտնեց պրազիլեան մարզական մամուլը: 36 տարեկան Սուարեզ իր ակումբին ղեկավարութեան յայտնեց, որ այս որոշումին յանգեցաւ` նկատի ունենալով, որ այլեւս չի դիմանար իր աջ ծունկի ցաւերուն: Նախքան այս լուրին հրապարակումը յայտարարուած էր, որ Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի լաւագոյն ռմբաձիգը շատ հաւանաբար միանայ ամերիկեան...

Մեսսիի Նորամուտը Ինթեր  Մայեմիի Հետ` 22 Յուլիսին

Մեսսիի Նորամուտը Ինթեր Մայեմիի Հետ` 22 Յուլիսին

Արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի նորամուտը` ամերիկեան Ինթեր Մայեմի ֆութպոլի խումբին հետ, տեղի պիտի ունենայ 22 յուլիսին, մեքսիքական Քրուս Ազուլի դէմ, «Լիկ Քափ»-ի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ: Նշենք, որ Մայեմիի համասեփականատէրն է անգլիացի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Տէյվիտ Պեքհամ: 35 տարեկան Մեսսի 2005-2021 ժամանակամիջոցին մաս կազմեց քաթալոնական Պարսելոնային, իսկ 2021-էն մինչեւ ընթացիկ այս տարեշրջանին աւարտը` ֆրանսական...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ-ի 18 Տարեկանէն Վար  Տղոց Խումբը Յաղթեց Հուփսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ-ի 18 Տարեկանէն Վար Տղոց Խումբը Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ-ի կազմը Ռապիթա Սաքաֆիյա Պթըղրին խումբին դէմ արձանագրեց 69-45 արդիւնքով յաղթանակ մը: Սեն Ժոզեֆ վարժարանի (Քըրնեթ Շահուան) դաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 19-4, 18-10, 20-13 եւ 12-18: ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Միհրան Պէրպէրեան (30 կէտ), ապա յաջորդաբար` Քեւին Մասաատ (23), Վարդիվառ...

«Եւրօ-2024».  Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը  Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը  Եւ Գրաւեց Դասաւորման Երկրորդ Դիրքը

«Եւրօ-2024». Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաջորդական Յաղթանակը Եւ Գրաւեց Դասաւորման Երկրորդ Դիրքը

«ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի Դ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ հիւրընկալեց Լաթվիան: Ուքրանացի Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմը` Հայաստան, արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը (յաջորդական` երկրորդը), 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը, որ այսպիսով կրեց մրցաշարքի իր երրորդ պարտութիւնը: Մրցումին 32-րդ վայրկեանին, Պոքա Ժունիորզին...

Ֆութսալ. Աշխարհի  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Զտումի Իր Առաջին  Մրցումը Պիտի Կատարէ 15 Սեպտեմբերին

Ֆութսալ. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Զտումի Իր Առաջին Մրցումը Պիտի Կատարէ 15 Սեպտեմբերին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ֆութսալի 2024-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն, մաս կազմեց Դ. խմբակին: Հայաստանի մրցակիցները պիտի ըլլան Փորթուգալ, Վրաստան եւ Ֆինլանտա: Վիճակաձգութենէն ետք տեղի ունեցաւ զտումի մրցումներուն կայացման թուականներուն ճշդումը: Հայրենի կազմը, զտումի իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ 15 սեպտեմբերին, իսկ վերջին մրցումը` 10 դեկտեմբերին:...

Ճատրակ.  Հայաստանի Խումբը` Կայծակնային Ճատրակի  Եւրոպայի Զոյգ Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Հայաստանի Խումբը` Կայծակնային Ճատրակի Եւրոպայի Զոյգ Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի խումբը հանդիսացաւ կայծակնային ճատրակի Եւրոպայի զոյգ ախոյեանութեան տիտղոսակիր: Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացուցին Շանթ Սարգսեան եւ Էլինա Դանիէլեան: Անհատական մրցումներուն, Դանիէլեան գրաւեց առաջին դիրքը, իսկ Սարգսեան` երկրորդ դիրքը: Խմբային դասաւորման մէջ, Նետերլանտներ հանդիսացան երկրորդ, իսկ Ազրպէյճան` երրորդ:    

Ա. Էս. Ռոմա Երկարաձգեց Քրիսթանթէի  Պայմանագրութիւնը

Ա. Էս. Ռոմա Երկարաձգեց Քրիսթանթէի Պայմանագրութիւնը

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իտալացի միջնապահ Պրայըն Քրիսթանթէի հետ: Այսպիսով, 28 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի գլխաւորած կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2027: 2022-2023 տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 53 մրցում, նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ: «Թրանսֆերմարքթ»-ի կողմէ անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն...

Խոսելու Տարեշրջանի Մը Համար  Փոխ Տրուեցաւ Ռէալ Մատրիտին

Խոսելու Տարեշրջանի Մը Համար Փոխ Տրուեցաւ Ռէալ Մատրիտին

Քաթալոնական Էսփանիոլի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Խոսելու տարեշրջանի մը համար փոխ տրուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտին: 33 տարեկան սպանացին նախորդ տարեշրջանին իր կազմին հետ 38 մրցումի ընթացքին նշանակեց 17 կոլ եւ կատարեց 4 էսիսթ: Նշենք, որ ան Էսփանիոլի հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 30 յունիս 2025:    

Պրենտըն Ռոճըրզ  Վերադարձաւ Սելթիք

Պրենտըն Ռոճըրզ Վերադարձաւ Սելթիք

Հիւսիսային իրլանտացի ֆութպոլի մասնագէտ Պրենտըն Ռոճըրզ երկրորդ անգամ ըլլալով նշանակուեցաւ սկովտիական Սելթիքի գլխաւոր մարզիչ: Կողմերը իրարու հետ ստորագրեցին երեք տարուան պայմանագրութիւն մը` մինչեւ 30 յունիս 2026, այս մասին յայտնեց Սկովտիոյ ֆութպոլի ախոյեանին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 50 տարեկան Ռոճըրզ, որ 2016-2019 ժամանակամիջոցին գլխաւորած էր Սելթիքը, անոր հետ երեք անգամ հանդիսացած էր երկրի ախոյեան: Ան 2019-ին նշանակուեցաւ անգլիական Լայսթըրի մարզիչ, ուրկէ հեռացաւ նախորդ...

Թենիս.  Խաչանով Դուրս Մնաց  Լաւագոյն Տասնեակէն

Թենիս. Խաչանով Դուրս Մնաց Լաւագոյն Տասնեակէն

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, սերպ Նովաք Ճոքովիչ, կը շարունակէ գլխաւորել միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 7595 վարկանշային կէտ: Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ սպանացի Քարլոս Ալքարաս (7175), մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ռուս Տանիիլ Մետվետեւ (5845): Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող հայազգի անուանի թենիսմեն, 27 տարեկան Կարէն Խաչանով 10-րդ դիրքէն նահանջեց 11-րդ...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան` Արսէն Եղիազարեանի  Յուշամրցաշարքի Տիտղոսակիր

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան` Արսէն Եղիազարեանի Յուշամրցաշարքի Տիտղոսակիր

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած Արսէն Եղիազարեանի ճատրակի յուշամրցաշարքի տիտղոսակիրը հանդիսացաւ Հայկ Մարտիրոսեան: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արսէն Եղիազարեանի լաւագոյն սաները եւ ընկերները` Հայկ Մարտիրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Տիգրան Պետրոսեան, Աշոտ Նաթանեան եւ Արթուր Դաւթեան: Լաւագոյն եռեակին մէջ եղան նաեւ Մանուէլ Պետրոսեան (2-րդ) եւ Տիգրան...

Պատմական Նուաճում. Հայաստանի Հաւաքականը  Գրաւեց Առաջին Դիրքը` Եւրոպայի  Ըմբշամարտի Պատանեկան Ախոյեանութեան

Պատմական Նուաճում. Հայաստանի Հաւաքականը Գրաւեց Առաջին Դիրքը` Եւրոպայի Ըմբշամարտի Պատանեկան Ախոյեանութեան

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի պատանեկան հաւաքականը, Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ աւարտած Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանեկան ախոյեանութեան (17 տարեկանէն վար) գրաւեց ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը, այսպիսով պատմական նուաճում մը իրագործելով, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ ազատ կամ յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը: Հայրենի ըմբիշները տիրացան մէկ...

«Եու. Էֆ. Սի.-Վեկաս-75».  Արման Ծառուկեան Եւ Արմէն Պետրոսեան  Յաղթանակներ Արձանագրեցին

«Եու. Էֆ. Սի.-Վեկաս-75». Արման Ծառուկեան Եւ Արմէն Պետրոսեան Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Նախորդ շաբաթավերջին Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցաւ խառն մենամարտերու «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-Վեկաս-75» մրցաշարքը, որուն գլխաւոր իրադարձութիւններէն մէկն էր հայ մարտիկ Արման Ծառուկեանի եւ պրազիլցի Ժոաքիմ Սիլվայի ճակատումը թեթեւ քաշային կարգին մէջ: Այս մենամարտը վերջ գտաւ ժամանակէն առաջ, երբ 26 տարեկան Ծառուկեան, 2-րդ ռաունտին թեքնիք նաք աութով յաղթեց իր մրցակիցին: Իր կարգին, յաղթանակ արձանագրեց նաեւ այլ հայ մարտիկ մը`...

Հայաստանի Եւ Լաթվիոյ Վեթերաններու  Մրցումին Յաղթեցին Հիւրերը` 8-5 Արդիւնքով

Հայաստանի Եւ Լաթվիոյ Վեթերաններու Մրցումին Յաղթեցին Հիւրերը` 8-5 Արդիւնքով

Երեւանի մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի եւ Լաթվիոյ վեթերաններու ֆութպոլի խումբերը: Այս մրցումը վերջ գտաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 8-5 արդիւնքով: Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան հայրենի կազմը գրեթէ ինք եղաւ աւելի տիրապետողը, սակայն մրցումին աւարտէն կարճ ատեն մը առաջ օրուան յաղթականը հանդիսացաւ Լաթվիա:  

Արթուր Գալոյեան  Տեղափոխուեցաւ Պալթիքա

Արթուր Գալոյեան Տեղափոխուեցաւ Պալթիքա

Ռուսական Ալանիայի միջնապահ Արթուր Գալոյեան տեղափոխուեցաւ ռուսական այլ ակումբ մը` Պալթիքա Քալինինկրատ, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 23 տարեկան ֆութպոլիստը, որ Թորփետօ Մոսկուայի սան է, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Վելես Սարսֆիլտի (Արժանթին), որմէ ետք է, որ միացած է Ալանիայի: Ռուսիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին Գալոյեան իր մասնակցութիւնը բերաւ 30 մրցումի, նշանակեց 8 կոլ եւ...

Page 284 of 1280 1 … 283 284 285 … 1,280

Արխիւներ