Ուրուկուէյի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին մրցեցաւ Նիքարակուայի դէմ, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հարաւային ամերիկեան խումբի գլխաւոր մարզիչ արժանթինցի Մարսելօ Պիելսա այսպիսով իր նորամուտը նշեց տպաւորիչ յաղթանակով մը:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Մաթիաս Արեզօ (8-րդ), Ռոտրիկօ Զալազար (37-րդ եւ 82-րդ) եւ Պրայըն Ռոտրիկեզ (56-րդ):
Նշենք, որ 28-րդ վայրկեանին Արեզօ փենալթի մը չկրցաւ կոլի վերածել: