Մարզական

«Ֆորմիւլա-1».  Աւստրիոյ Կրանփրին Աւարտեցաւ`  Մաքս Վերսթափենի Յաղթանակով

«Ֆորմիւլա-1». Աւստրիոյ Կրանփրին Աւարտեցաւ` Մաքս Վերսթափենի Յաղթանակով

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Աւստրիոյ կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, աւարտեցաւ գործող ախոյեան նետերլանտցի Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 1 ժամ 25' 33'' արդիւնք մը: «Ռետ Պուլ»-ի վարորդին ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Շարլ Լեքլերք («Ֆեռարի»), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Վերսթափենի խմբակից Սերճիօ Փերեզ: Վերսթափեն, որ արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին 42-րդ...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց  Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Յաղթեց  Թայփէին Եւ Մնաց Ա. Դասակարգին Մէջ

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Յաղթեց Թայփէին Եւ Մնաց Ա. Դասակարգին Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը բաւական ճակատագրական մրցումի մը ընթացքին 75-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց չինական Թայփէի դէմ, Ասիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան յաջողեցաւ մնալ Ա. դասակարգին մէջ, Ասիա-Ովկիանիա գօտիին մէջ: Լիբանանի ազգային խումբի խմբապետ Ռեպեքա Աքըլ ունեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը, երբ նշանակեց 27 կէտ: Անոր խմբակից Թրինիթի Պապթիսթ նշանակեց 16 կէտ,...

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Փայլուն Արդիւնքները`  «Ռիատի Պէյրութ»-ի Կազմակերպած  Ճատրակի Մրցաշարքին

ՀՄԸՄ Անթիլիասի Փայլուն Արդիւնքները` «Ռիատի Պէյրութ»-ի Կազմակերպած Ճատրակի Մրցաշարքին

Կիրակի, 25 յունիս 2023-ին, կազմակերպութեամբ «Ռիատի Պէյրութ» ակումբին, տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք` բաղկացած եօթը մրցումներէ, որոնք բաժնուած էին տարիքային խումբերու միջեւ: Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ճատրակի մարզիկները` արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ: Մասնակիցներէն Միշել Աթայեան իր տարիքային խումբին մէջ (12 տարեկան) գրաւեց առաջին դիրքը: Մարիա Մարտիկեան աղջիկներու իր տարիքային խումբին մէջ (12 տարեկան) գրաւեց առաջին դիրքը: Մարտիկ Մարտիկեան...

Եւրոպայի Ազատ Ոճի Երիտասարդական  Ախոյեանութիւն. Մկրտչեան Եւ Աւետիսեան Յաղթեցին  Ազրպէյճանցի Իրենց Մրցակիցներուն

Եւրոպայի Ազատ Ոճի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Մկրտչեան Եւ Աւետիսեան Յաղթեցին Ազրպէյճանցի Իրենց Մրցակիցներուն

Հայրենի Չորս Ըմբիշներ Ապահովեցին Աւարտականի Իրենց Տոմսերը Սպանիոյ Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, որոնք սկսան նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ներկայացուցիչները սկսան իրենց տպաւորիչ ելոյթներուն: Լեւիկ Միքայէլեան (61 քկ), Հայկ Պապիկեան (74 քկ), Մուշեղ Մկրտչեան (84 քկ) եւ Կնեազ Իբոյեան (92 քկ) իրենց ունեցած բացառիկ ելոյթներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը: Մկրտչեան...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական  Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը  Հանդիսացաւ Չորրորդ

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Հանդիսացաւ Չորրորդ

Սպանիոյ Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականը հանդիսացաւ չորրորդ: Հայրենի կազմը այս ախոյեանութեան տիրացաւ մէկ ոսկի, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալներու: Հայաստանի համար ոսկի մետալ ապահովողը հանդիսացաւ Եուրիկ Հովէեան, որ 63 քկ դասակարգին մէջ, յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի եւ թուրք մրցակիցներուն, աւարտականին յաղթեց Վիթալի Երեոմենքոյին (Մոլտովա): Եւրոպայի...

ՖԻՖԱ.  Հայաստան` 90-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՖԱ. Հայաստան` 90-րդ Դիրքին Վրայ

Ֆութպոլի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը եօթը դիրքի ոստում մը արձանագրելով բարձրացաւ 90-րդ դիրք` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 1252,6 կէտ: Բնականաբար, ասիկա ուքրանացի մարզիչ Ալեքսանտր Փեթրաքովի գլխաւորած կազմին արձանագրած վերջին երկու յաղթանակներուն շնորհիւ է` Կալեսի (4-2) եւ Լաթվիոյ (2-1) դէմ: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի ախոյեան Արժանթին...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արտակ Գրիգորեան Միացաւ  Փիւնիկ Երեւանի

Հայկական Ֆութպոլ. Արտակ Գրիգորեան Միացաւ Փիւնիկ Երեւանի

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան պայմանագրութիւն մը կնքեց միջնապահ Արտակ Գրիգորեանի հետ, որ հեռացաւ Ալաշկերտէն: 35 տարեկան ֆութպոլիստը իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է հայկական շարք մը ակումբներու: Առաջին անգամ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզաշապիկը 11 օգոստոս 2010-ին կրած Գրիգորեան 52 միջազգային մրցումներու ընթացքին նշանակեց կոլ մը եւ կատարեց երկու էսիսթ: Ան հինգ անգամ բարձրացուցած է Հայաստանի ախոյեանութեան տիտղոսը,...

Ճատրակ.  Զաւէն Անդրիասեան Տիտղոսակիր`  Ֆիլատելֆիոյ Մէջ

Ճատրակ. Զաւէն Անդրիասեան Տիտղոսակիր` Ֆիլատելֆիոյ Մէջ

Հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրիասեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային 16-րդ մրցաշարքին, իր արձանագրած տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ դարձաւ տիտղոսակիր: Հայաստանի ներկայացուցիչը առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7 կէտ եւ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցելով ալճերիացի իր մրցակիցին` Պիլալ Պելասենէին, տիրացաւ տիտղոսին եւ ստացաւ 5200 ամերիկեան տոլարի պարգեւավճար: Ան մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան` արձանագրելով 5 յաղթանակ եւ 4...

Իրանի Մէջ Արտօնուեցաւ  Իգական Սեռին Մարզադաշտ Մուտքը

Իրանի Մէջ Արտօնուեցաւ Իգական Սեռին Մարզադաշտ Մուտքը

Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մեհտի Թաժ յայտնեց, որ յատուկ որոշումի մը լոյսին տակ, այսուհետեւ կ՛արտօնուի իրանցի իգական սեռին ֆութպոլի մարզադաշտ մուտքը: Այս որոշումը Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդին կողմէ հաւանութեան արժանացաւ: Ան յայտնեց, որ Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը եւ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մօտիկ ապագային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակեն այս ուղղութեամբ: Իրանցի կիները մինչեւ 1979-ի իսլամական յեղափոխութիւն իրաւունք...

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքին  Ճակատումը` Առանց Երկարաձգման

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքին Ճակատումը` Առանց Երկարաձգման

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2023-2024 տարեշրջանին Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի ճակատումին գծով տեղի ունեցաւ փոքր փոփոխութիւն մը: 12-րդ կէտին համաձայն, եթէ պատահի, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտին հաւասարութեամբ, երկարաձգում տեղի պիտի չունենայ եւ խումբերը պիտի կատարեն փենալթիներու հարուածները` ճշդելու համար տիտղոսակիրը: 16 օգոստոսին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ Եւրոպայի գերբաժակի մրցումին ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին «Չեմփիընզ...

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց  Ախոյեանութիւն.  Լիբանանի Ազգային Խումբը Կրեց  Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

Պասքեթպոլ. Ասիոյ Աղջկանց Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Ազգային Խումբը Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը

Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող Ասիոյ պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լիբանանի ազգային խումբը: Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 89-44 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Չինաստանէն, երկրորդին եւս պարտուեցաւ, այս անգամ Հարաւային Քորէայէն` 76-54 արդիւնքով: Երէկուան այս մրցումին, Լիբանանէն 20 կէտ նշանակեց Թրինիթի Պապթիսթ, մինչ յաղթական կազմէն ամէնէն աւելի կէտը (18) նշանակեց Ճի Հիուն Փարք: Նշենք, որ...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Եուրիկ Նովէեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Եուրիկ Նովէեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Նազարեան Եւ Առաքելեան Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսը Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 2023-ի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի ըմբիշները կը շարունակեն արձանագրել իրենց տպաւորիչ արդիւնքները, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 63 քկ դասակարգի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն, Եուրիկ Նովէեան բաւական փայլուն` 12-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր թուրք մրցակիցին դէմ, մեծ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:...

Եւրոպական Խաղեր.  Նարեկ Խաչիկեան Հայաստանին  Ապահովեց Պրոնզ Մետալ Մը

Եւրոպական Խաղեր. Նարեկ Խաչիկեան Հայաստանին Ապահովեց Պրոնզ Մետալ Մը

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերու ծիրին մէջ, Հայաստան տիրացաւ իր երրորդ մետալին: Մուայ-թայի 60 քկ դասակարգի մրցումներուն, Նարեկ Խաչիկեան, որ ապահոված էր կիսաւարտականի իր տոմսը, 30-27 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով պելճիքացի Ճիաննի տէ Լուիէն, գրաւեց երրորդ դիրքը: Նշենք, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Խաչիկեան յաղթած էր գերմանացի իր մրցակիցին` Ֆիլիփ Լէոն Պալպախին:  

Թենիս.  Էլինա Աւանեսեան  Բարձրացաւ 64-րդ Դիրք

Թենիս. Էլինա Աւանեսեան Բարձրացաւ 64-րդ Դիրք

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Էլինա Աւանեսեան, կարեւոր ոստում մը արձանագրեց, երբ 81-րդ դիրքէն բարձրացաւ 64-րդ դիրքին: Աղջկանց դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի լեհ Իկա Սվիաթեք, որ իր տրամադրութեան տակ ունի վարկանշային 8940 կէտ: Երկրորդ դիրքին վրայ է Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիա), որ ունի 8066 կէտ, մինչ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Ղազախստանի...

Արարատ Երկարաձգեց Իր Գլխաւոր  Մարզիչին Պայմանագրութիւնը

Արարատ Երկարաձգեց Իր Գլխաւոր Մարզիչին Պայմանագրութիւնը

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող կազմերէն Արարատ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր գլխաւոր մարզիչին` Գագիկ Սիմոնեանի հետ: Գագիկ Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ, Արարատ 2022-2023 տարեշրջանի վերջին 12 մրցումներուն արձանագրեց 4 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ կրեց 4 պարտութիւն: Անոր մարզչական խմբակին մէջ պիտի մնան նաեւ Գէորգ Պօղոսեան, Ռաֆայէլ Սաֆարեան եւ Արա Աբրահամեան: Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Արարատ գրաւեց դասաւորման 6-րդ դիրքը:

Փարիզի Ողիմպիականի Խաղերուն  Պիտի Արգիլուի Ալքոհոլի Օգտագործումը

Փարիզի Ողիմպիականի Խաղերուն Պիտի Արգիլուի Ալքոհոլի Օգտագործումը

Ֆրանսական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Փարիզի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին պիտի արգիլուի ալքոհոլի օգտագործումը բոլոր մարզադաշտերուն եւ այն վայրերուն մէջ, ուր տեղի պիտի ունենան տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մրցումները: Բայց եւ այնպէս, այս օրէնքը պիտի չըլլայ բոլորին համար, նկատի ունենալով, որ «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիականի կազմակերպիչներուն համաձայն, պատուոյ թրիպիւնին մէջ գտնուողներուն պիտի հրամցուին շամփանյը, գինի եւ գարեջուր: Նշենք, որ 2024-ի ողիմպիական խաղերը...

Ռէալ Մատրիտ-Մոտրիչ Պայմանագիրի  Երկարաձգում

Ռէալ Մատրիտ-Մոտրիչ Պայմանագիրի Երկարաձգում

Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին եւ խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի միջեւ գոյացաւ համաձայնութիւն մը: Յայտարարուեցաւ, որ արքայական ակումբը ֆութպոլիստին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 30 յունիս 2024: 37 տարեկան ֆութպոլիստը օգոստոս 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտին: Նախորդ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 52 մրցում, նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ:

Մեսսի` Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան  2022-2023 Տարեշրջանի Արտասահմանցի  Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Մեսսի` Ֆրանսայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան 2022-2023 Տարեշրջանի Արտասահմանցի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախկին միջնապահ Լիոնել Մեսսի ընտրուեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանի արտասահմանցի լաւագոյն ֆութպոլիստը: Ան նախորդ տարեշրջանին 32 մրցումի ընթացքին նշանակեց 16 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ: Ինչպէս ծանօթ է, ան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ ամերիկեան Ինթըր Մայեմիի հետ:  

Քոլօ-Մուանի` «Պունտըսլիկա»-ի  Լաւագոյն Խաղացող

Քոլօ-Մուանի` «Պունտըսլիկա»-ի Լաւագոյն Խաղացող

Այնթրախթ ֆրանքֆորթի յառաջապահ Ռանտալ Քոլօ-Մուանի ընտրուեցաւ «Պունտըսլիկա»-ի աւարտած տարեշրջանին լաւագոյն խաղացողը: Քուէարկութեան մասնակցեցան «Պունտըսլիկա»-ի 252 ֆութպոլիստներ: 24 տարեկան ֆրանսացի ֆութպոլիստը ստացաւ ձայներուն 24,4 տոկոսը: Երկրորդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտի (այժմ` Ռէալ Մատրիտին միացած) անգլիացի միջնապահ Ժուտ Պելինկհեմ, որ ապահովեց ձայներուն 17,5 տոկոսը: Իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Վերտըր Պրեմընի գերմանացի յառաջապահ Նիքլաս Ֆիուլկրուտ (21 տոկոս): Նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն մարզիչը ճանչցուեցաւ...

Աղջկանց Պասքեթպոլ.  Պելճիքա Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ  Ըլլալով Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Աղջկանց Պասքեթպոլ. Պելճիքա Իր Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Եւրոպայի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին, որ իրարու դէմ մրցեցան Պելճիքա եւ Սպանիա, յաղթանակ արձանագրեցին պելճիքացի մարզիկները, որոնք 64-58 արդիւնքով (17-13, 15-12, 16-18 եւ 10-21) պարտութեան մատնեցին իրենց մրցակիցը: Պելճիքայի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց 30 տարեկան Էմմա Մեսեման (24 կէտ): Պելճիքա, որ նախապէս երկու առիթներով հանդիսացած էր պրոնզէ մետալակիր, այսպիսով իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Եւրոպայի...

Page 281 of 1280 1 … 280 281 282 … 1,280

Արխիւներ