Պասքեթպոլ. 19 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբը Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը
Հունգարիոյ մէջ տեղի ունեցող աշխարհի 19 տարեկանէն վար տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը, որ Բ. խմբակին մէջ կատարեց իր երկրորդ մրցումը, կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը: Լիբանան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 74-58 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Սլովենիայէն, այս անգամ պարտուեցաւ Մատակասքարէն, 83-66 արդիւնքով: Լիբանանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քարիմ Ռըթէյլ (19), մինչ մրցակից կազմէն...




















