Եւրոպայի աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին, որ իրարու դէմ մրցեցան Պելճիքա եւ Սպանիա, յաղթանակ արձանագրեցին պելճիքացի մարզիկները, որոնք 64-58 արդիւնքով (17-13, 15-12, 16-18 եւ 10-21) պարտութեան մատնեցին իրենց մրցակիցը:
Պելճիքայի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց 30 տարեկան Էմմա Մեսեման (24 կէտ):
Պելճիքա, որ նախապէս երկու առիթներով հանդիսացած էր պրոնզէ մետալակիր, այսպիսով իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Ասկէ բացի, Պելճիքա այս ախոյեանութիւնը աւարտեց առանց պարտութեան: