Հայրենի կրանտմասթըր Զաւէն Անդրիասեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ֆիլատելֆիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային 16-րդ մրցաշարքին, իր արձանագրած տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ դարձաւ տիտղոսակիր:
Հայաստանի ներկայացուցիչը առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 7 կէտ եւ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցելով ալճերիացի իր մրցակիցին` Պիլալ Պելասենէին, տիրացաւ տիտղոսին եւ ստացաւ 5200 ամերիկեան տոլարի պարգեւավճար:
Ան մրցաշարքը աւարտեց առանց պարտութեան` արձանագրելով 5 յաղթանակ եւ 4 հաւասարութիւն:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Գէորգ Յարութիւնեան, ապահովելով 6 կէտ, գրաւեց 12-րդ դիրքը եւ ստացաւ 700 ամերիկեան տոլարի պարգեւավճար:


