Նազարեան Եւ Առաքելեան Ապահովեցին
Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսը
Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 2023-ի երիտասարդական ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականի ըմբիշները կը շարունակեն արձանագրել իրենց տպաւորիչ արդիւնքները, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
63 քկ դասակարգի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն, Եուրիկ Նովէեան բաւական փայլուն` 12-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով իր թուրք մրցակիցին դէմ, մեծ եւ հաստատ քայլերով ապահովեց աւարտական հանգրուանի իր տոմսը:
Հովէեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն այլ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրած էր իր ազրպէյճանցի մրցակիցին դէմ:
Վիգէն Նազարեան (87 քկ) եւ Հոմերոս Առաքելեան (55 քկ) ապահովեցին կիսաւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը:
Նշենք, որ Վահէ Յովհաննիսեան (77 քկ) եւ Արամայիս Յարութիւնեան (130 քկ) ախոյեանութիւնը չյաջողեցան շարունակել:
Հայրենի կազմը այս ախոյեանութեան կը մասնակցի մարզիչներ Մովսէս Կարապետեանի, Արմէն Առաքելեանի, Տիգրան Սահակեանի եւ Ժորա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ: