Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող եւրոպական խաղերու ծիրին մէջ, Հայաստան տիրացաւ իր երրորդ մետալին:
Մուայ-թայի 60 քկ դասակարգի մրցումներուն, Նարեկ Խաչիկեան, որ ապահոված էր կիսաւարտականի իր տոմսը, 30-27 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով պելճիքացի Ճիաննի տէ Լուիէն, գրաւեց երրորդ դիրքը:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն, Խաչիկեան յաղթած էր գերմանացի իր մրցակիցին` Ֆիլիփ Լէոն Պալպախին: