Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող կազմերէն Արարատ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր գլխաւոր մարզիչին` Գագիկ Սիմոնեանի հետ:
Գագիկ Սիմոնեանի գլխաւորութեամբ, Արարատ 2022-2023 տարեշրջանի վերջին 12 մրցումներուն արձանագրեց 4 յաղթանակ, 4 հաւասարութիւն եւ կրեց 4 պարտութիւն:
Անոր մարզչական խմբակին մէջ պիտի մնան նաեւ Գէորգ Պօղոսեան, Ռաֆայէլ Սաֆարեան եւ Արա Աբրահամեան:
Նշենք, որ նախորդ տարեշրջանին Արարատ գրաւեց դասաւորման 6-րդ դիրքը: