Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մեհտի Թաժ յայտնեց, որ յատուկ որոշումի մը լոյսին տակ, այսուհետեւ կ՛արտօնուի իրանցի իգական սեռին ֆութպոլի մարզադաշտ մուտքը:
Այս որոշումը Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդին կողմէ հաւանութեան արժանացաւ:
Ան յայտնեց, որ Իրանի ներքին գործոց նախարարութիւնը, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը եւ ֆութպոլի ֆետերասիոնը մօտիկ ապագային յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի հրապարակեն այս ուղղութեամբ:
Իրանցի կիները մինչեւ 1979-ի իսլամական յեղափոխութիւն իրաւունք ունէին դաշտ մուտք գործել, սակայն ատկէ ետք անոնք այդ իրաւունքէն զրկուեցան:


