Հայրենի Չորս Ըմբիշներ Ապահովեցին
Աւարտականի Իրենց Տոմսերը
Սպանիոյ Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, որոնք սկսան նախորդ շաբաթավերջին, Հայաստանի ներկայացուցիչները սկսան իրենց տպաւորիչ ելոյթներուն:
Լեւիկ Միքայէլեան (61 քկ), Հայկ Պապիկեան (74 քկ), Մուշեղ Մկրտչեան (84 քկ) եւ Կնեազ Իբոյեան (92 քկ) իրենց ունեցած բացառիկ ելոյթներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը:
Մկրտչեան կիսաւարտականի իր տոմսը ապահովեց յաղթելէ ետք ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Թումար Կուլմակոմետովին:
65 քկ դասակարգի մրցումներուն, Անդրանիկ Աւետիսեան ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը, յաղթելէ ետք ազրպէյճանցի իր մրցակիցին:


