«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2023-2024 տարեշրջանին Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքի ճակատումին գծով տեղի ունեցաւ փոքր փոփոխութիւն մը:
12-րդ կէտին համաձայն, եթէ պատահի, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտին հաւասարութեամբ, երկարաձգում տեղի պիտի չունենայ եւ խումբերը պիտի կատարեն փենալթիներու հարուածները` ճշդելու համար տիտղոսակիրը:
16 օգոստոսին Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ Եւրոպայի գերբաժակի մրցումին ընթացքին իրարու դէմ պիտի մրցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիրը` անգլիական Մանչեսթըր Սիթին եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի տիտղոսին տիրացած սպանական Սեւիլլան:


