Ֆրանսական մարզական մամուլը կը հաղորդէ, որ Փարիզի ողիմպիական խաղերուն ընթացքին պիտի արգիլուի ալքոհոլի օգտագործումը բոլոր մարզադաշտերուն եւ այն վայրերուն մէջ, ուր տեղի պիտի ունենան տարբեր տեսակի մարզաձեւերու մրցումները:
Բայց եւ այնպէս, այս օրէնքը պիտի չըլլայ բոլորին համար, նկատի ունենալով, որ «Փարիզ-2024»-ի ամառնային ողիմպիականի կազմակերպիչներուն համաձայն, պատուոյ թրիպիւնին մէջ գտնուողներուն պիտի հրամցուին շամփանյը, գինի եւ գարեջուր:
Նշենք, որ 2024-ի ողիմպիական խաղերը տեղի պիտի ունենան 26 յուլիսէն 11 օգոստոս: