Մարզական

Ռոպերթօ Ֆիրմինօ Միացաւ Ահլիի

Ռոպերթօ Ֆիրմինօ Միացաւ Ահլիի

Պրազիլցի յառաջապահ Ռոպերթօ Ֆիրմինօ, իր ակումբը` Լիվըրփուլը լքելով, միացաւ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցող Ահլիի` անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրելով մինչեւ 30 յունիս 2026: Ֆիրմինօ, որ 2015-ին գերմանական Հոֆընհայմէն միացաւ Լիվըրփուլի, այս վերջինիս հետ 362 մրցումի ընթացքին նշանակեց 111 կոլ եւ կատարեց 72 էսիսթ: 31 տարեկան պրազիլցին Լիվըրփուլի հետ տիրացած է վեց տիտղոսի:  

«Թուր Տը Ֆրանս».  Ժասփեր Ֆիլիփսեն` 4-րդ Հանգրուանին  Յաղթականը

«Թուր Տը Ֆրանս». Ժասփեր Ֆիլիփսեն` 4-րդ Հանգրուանին Յաղթականը

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` «Թուր տը Ֆրանս»-ի 4-րդ հանգրուանի յաղթականը հանդիսացաւ պելճիքացի Ժասփեր Ֆիլիփսեն, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ժամ 25' 28'' արդիւնք մը: Նշենք, որ այս հանգրուանը (տափարակ) տեղի ունեցաւ Տաքսէն Նոկարօ (181,8 քմ): Այս հանգրուանէն ետք, հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի անգլիացի Էտըմ Եթց (18 ժամ 18' 01''): Բնականաբար ան իր...

Ուիմպըլտըն.  Թիւ 1 Դասուած Ալքարաս Ապահովեց  Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Ուիմպըլտըն. Թիւ 1 Դասուած Ալքարաս Ապահովեց Բ. Հանգրուանի Իր Տոմսը

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-0, 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ֆրանսացի Ժերեմի Շարտին, որ կը գրաւէ աշխարհի դասաւորման 542-րդ դիրքը: Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Ալքարասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալեքսանտր Միւլըր - Արթուր...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ազգային  Խումբը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Լիբանանի Պասքեթպոլի Աղջկանց Ազգային Խումբը Արժանացաւ Ջերմ Ընդունելութեան

Երէկ` երեքշաբթի, 4 յուլիսին Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան: Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան Աւստրալիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան եւ յաջողեցաւ իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ մնալ Ա. դասակարգին մէջ, Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ: Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչը,...

Ժիւտօ. Եւրոպայի Երիտասարդներու  Բաժակի Մրցաշարք.  Դաւիթ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Ժիւտօ. Եւրոպայի Երիտասարդներու Բաժակի Մրցաշարք. Դաւիթ Խաչատրեան` Պրոնզէ Մետալակիր

Սլովենիոյ Կրաթիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի տղոց հաւաքականը` գլխաւորութեամբ աւագ մարզիչ Դաւիթ Խաչատրեանի: 60 քկ դասակարգի մրցումներուն, Վահէ Աղասեան իր կատարած չորս մենամարտերուն ընթացքին արձանագրելով նոյնքան յաղթանակ, տիրացաւ պրոնզ մետալին: Իսկ 73 քկ դասակարգին մէջ, Արտակ Թորոսեան գրաւեց 5-րդ դիրքը:

Տմիթրի Կունքօ` Հայաստանի Ֆութպոլի  «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Լաւագոյն Մարզիչ

Տմիթրի Կունքօ` Հայաստանի Ֆութպոլի «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Լաւագոյն Մարզիչ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ կատարուած քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Հայաստանի ֆութպոլի «Փրեմիեր Լիկ»-ի 2022-2023 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիչ ընտրուեցաւ Ուրարտուի գլխաւոր մարզիչը` ռուս Տմիթրի Կունքօ, որ ապահովեց 86 կէտ: Երկրորդ դիրքը 67 կէտով գրաւեց Փիւնիկի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան, մինչ լաւագոյն եռեակը 24 կէտով ամբողջացուց Վահէ Գէորգեան (Ալաշկերտ): Իսկ լաւագոյն ֆութպոլիստ ընտրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան եւ...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Կառլեն Դաւթեան Հայաստանին  Ապահովեց Առաջին Մետալը

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Կառլեն Դաւթեան Հայաստանին Ապահովեց Առաջին Մետալը

Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին: 17 տարեկանէն վար 49 քկ դասակարգի մրցումներուն, Կառլեն Դաւթեան տիրացաւ պրոնզ մետալին, երբ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 181 քկ (80+101) արդիւնք մը: Նոյն դասակարգին մէջ, Վոլոդեա Սարգսեան արձանագրելով նոյն արդիւնքը (79+102), գրաւեց չորրորդ դիրքը:  

Արման Սահակեան` Շիրակի Նախագահ

Արման Սահակեան` Շիրակի Նախագահ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Շիրակի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր նախագահը: Նշուեցաւ, որ Արման Սահակեան վերընտրուեցաւ նախագահ, այսպիսով փոխարինելով Տիգրան Վիրաբեանը, որ իր պաշտօնը կը վարէ 2020-էն ի վեր: Գիւմրին ներկայացնող ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Վիրաբեանին` իր կատարած աշխատանքին եւ ակումբի զարգացման գործին մէջ իր ներդրած ջանքերուն համար:

Պրոզովիչ Ինթեր Միլանէն  Տեղափոխուեցաւ Նասըր

Պրոզովիչ Ինթեր Միլանէն Տեղափոխուեցաւ Նասըր

Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարսելօ Պրոզովիչ, Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլանէն տեղափոխուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կազմերէն Նասըրի, որուն մաս կը կազմէ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ: Նշուեցաւ, որ Ինթեր անոր այս փոխանցումէն պիտի ստանայ 18 միլիոն եւրօ: 2022-2023 տարեշրջանին 30 տարեկան Պրոզովիչ իր կազմին հետ կատարած 40 մրցումին ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ:...

Ինթեր Մայեմի Կը Բանակցի Սերճիօ  Ռամոսի Եւ Եորտի Ալպայի Հետ

Ինթեր Մայեմի Կը Բանակցի Սերճիօ Ռամոսի Եւ Եորտի Ալպայի Հետ

Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահներ Սերճիօ Ռամոս եւ Եորտի Ալպա շատ հաւանաբար տեղափոխուին Միացեալ Նահանգներ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն «Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան: Նշուեցաւ, որ Ինթեր Մայեմի, որ արդէն իսկ իր կազմին միացուցած է Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստներ արժանթինցի Լիոնել Մեսսին եւ սպանացի Սերճիօ Պուսքեթցը, մօտէն կը բանակցի վերոնշեալ երկուքին հետ: 37 տարեկան Ռամոս եւ 34...

Սթիւըն Ժերար Նշանակուեցաւ  Իթթիֆաքի Մարզիչ

Սթիւըն Ժերար Նշանակուեցաւ Իթթիֆաքի Մարզիչ

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Լիվըրփուլի անցեալի ֆութպոլիստ Սթիւըն Ժերար նշանակուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կազմերէն Իթթիֆաքի գլխաւոր մարզիչ: Նշուեցաւ, որ ակումբը իր նոր մարզիչին պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ ամբողջ գումարը, որպէսզի ան պատրաստէ զօրաւոր կազմ մը, որ ի վիճակի ըլլայ պայքարիլ ախոյեանութեան տիտղոսին համար: Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Իթթիֆաք 37 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը` 35 կէտով ետ մնալով ախոյեան հանդիսացած Իթթիհատէն:...

Ուիմպըլտըն. Նովաք Ճոքովիչի Յաղթական Մեկնարկը

Ուիմպըլտըն. Նովաք Ճոքովիչի Յաղթական Մեկնարկը

Վինըս Ուիլիամս Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն Տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, տարուան երրորդ թենիսի կրան շլեմի Ուիմպըլտընի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին գծով: Այս մրցաշարքին 2-րդ դասուած Ճոքովիչ, որ մրցեցաւ աշխարհի միջազգային դասաւորման 68-րդ դիրքին վրայ գտնուող արժանթինցի Փետրօ Քաշինի դէմ, արձանագրեց 6-3, 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը:...

Եւրոպայի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Կնեազ Իբոյեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Եւրոպայի Ազատ Ոճի Ըմբշամարտի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Կնեազ Իբոյեան Յաղթեց Իր Թուրք Մրցակիցին Եւ Հռչակուեցաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի Հաւաքականը Հանդիսացաւ Երրորդ Սպանական Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, 92 քկ մրցումներուն աւարտականին, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կնեազ Իբոյեան, որ մրցեցաւ թուրք Մոհամետ Կիմրիի դէմ, արձանագրելով 3-2 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը, հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան: Ան քառորդ աւարտականին 9-0 արդիւնքով յաղթեց հունգարացի Քրիսթիան Կապոր Անկիալին, իսկ կիսաւարտականին պուլկարացի Սալի Եուսրեֆով Սալիեւին` 1-0...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արմէն Նահապետեան  Տեղափոխուեցաւ Արարատ

Հայկական Ֆութպոլ. Արմէն Նահապետեան Տեղափոխուեցաւ Արարատ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 23 տարեկան միջնապահ Արմէն Նահապետեան միացաւ խումբին` ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը: Նահապետեան, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է Փիւնիկին, Արարատ-Արմենիային, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին եւ Նոային, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 62 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 3 կոլ: Ան Արարատ-Արմենիայի հետ հանդիսացած է...

ՖԻՏԷ.  Գաբրիէլ Սարգսեան` 44-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ. Գաբրիէլ Սարգսեան` 44-րդ Դիրքին Վրայ

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած միջազգային նոր դասաւորման մէջ, յառաջատարը կը շարունակէ մնալ աշխարհի 16-րդ ախոյեան, նորվեկիացի Մակնուս Քարլսըն, որ իր տրամադրութեան տակ ունի վարկանշային 2853 կէտ: «Նորուէյ Չես» սուփըր-մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրա 6-րդ դիրքէն բարձրացաւ երկրորդ դիրք (2787): Իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ այլ ամերիկացի մը` Ֆապիանօ Քարուանա (2782): Առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի չորս ներկայացուցիչ` հետեւեալ...

«Թուր Տը Ֆրանս-2023».  Շրջավազքին 3-րդ Հանգրուանը Վերջապէս  Տեղի Ունեցաւ Ֆրանսայի Մէջ

«Թուր Տը Ֆրանս-2023». Շրջավազքին 3-րդ Հանգրուանը Վերջապէս Տեղի Ունեցաւ Ֆրանսայի Մէջ

Հակառակ անոր որ նախորդ շաբաթավերջին մեկնարկը տրուեցաւ ֆրանսայի հեծելարշաւի 110-րդ շրջավազքին` «Թուր տը Ֆրանս-2023»-ին, սակայն անոր 3-րդ հանգրուանի մրցումը երէկ վերջապէս տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ: Անոր առաջին հանգրուանը, որ տեղի ունեցաւ սպանական Պիլպաոյի մէջ (լեռնային հանգրուան մը, 182 քմ), աւարտեցաւ Էտըմ Եաթեսի յաղթանակով: Ինչ կը վերաբերի երկրորդ հանգրուանին, որ այս շրջավազքին ամէնէն երկարն է (209 քմ), դարձեալ եղաւ լեռնային հանգրուան...

Չաւի-Պարսելոնա  Տարակարծութիւններ

Չաւի-Պարսելոնա Տարակարծութիւններ

Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Չաւի շատ հաւանաբար որ քաթալոնական ակումբին հետ նոր պայմանագրութիւն մը չկնքէ, իր մարզչական խմբակի անդամներու աշխատավարձերուն հետ կապուած տարակարծութիւններուն պատճառով: Սպանացի մասնագէտը կը պնդէ, որ իր անձնակազմին իւրաքանչիւր անդամի աշխատավարձը պէտք է բարձրանայ: Սակայն «Լա Լիկա»-ի նորընծայ ախոյեանին ղեկավարութիւնը պատրաստ չէ այս հարցը քննարկելու: 43 տարեկան Չաւի, որ քաթալոնական ակումբի մարզիչ նշանակուեցաւ նոյեմբեր 2021-ին, մինչեւ 30 յունիս...

Աշխարհի Ակումբներու Ֆութպոլի  Ախոյեանութիւնը` Ժետտայի Մէջ

Աշխարհի Ակումբներու Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը` Ժետտայի Մէջ

ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2023-ի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12-22 դեկտեմբերին, Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ: Որոշումը կայացաւ ՖԻՖԱ-ի պատուիրակութեան արաբական երկիր այցելութենէն ետք: Այս տարի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան պիտի մասնակցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիրը` Մանչեսթըր Սիթի, Ասիայէն` Ուրաուա Ռետ Տայըմընծ, եգիպտական Ահլին, մեքսիքական Լէոնը, նոր-զելանտական Օաքլենտ Սիթին, Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Հիլալը եւ հիւսիսային ամերիկեան խումբ մը,...

Էմպափէ Ռէալ Մատրիտէն  Կը Պահանջէ 240 Միլիոն Եւրօ

Էմպափէ Ռէալ Մատրիտէն Կը Պահանջէ 240 Միլիոն Եւրօ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ, միանալու համար Ռէալ Մատրիտին, անկէ կը պահանջէ 240 միլիոն եւրօ, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Ներկայիս, արքայական ակումբը կը մտադրէ սպասել մինչեւ 2024-ի ամառ, որպէսզի առանց այդ գումարը վճարելու իր կազմին միացնէ Էմպափէն, որովհետեւ անոր պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ կ՛աւարտի 2023-2024 տարեշրջանի աւարտին: Նշենք, որ 24 տարեկան Էմպափէ Սեն Ժերմենի...

Սեսք Ֆապրեկաս Աւարտեց Ֆութպոլիստի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Սեսք Ֆապրեկաս Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Լոնտոնեան Արսենալին եւ Չելսիին, ինչպէս նաեւ քաթալոնական Պարսելոնային մաս կազմող նախկին միջնապահ Սեսք Ֆապրեկաս աւարտեց ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 36 տարեկան ֆութպոլիստին վերջին ակումբն էր իտալական Քոմոն, որուն հետ ան կը ծրագրէ յառաջիկային մարզչական արհեստավարժ ասպարէզի սկսիլ, սակայն անոր Բ. կազմին հետ: Ֆապրեկաս ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին սկսած է 2003-ին` Արսենալի հետ, եւ իբրեւ ֆութպոլիստ ընդամէնը տիրացած է 17 տիտղոսի...

Page 280 of 1280 1 … 279 280 281 … 1,280

Արխիւներ