Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը բաւական ճակատագրական մրցումի մը ընթացքին 75-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց չինական Թայփէի դէմ, Ասիոյ ախոյեանութեան ծիրին մէջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Լիբանան յաջողեցաւ մնալ Ա. դասակարգին մէջ, Ասիա-Ովկիանիա գօտիին մէջ:
Լիբանանի ազգային խումբի խմբապետ Ռեպեքա Աքըլ ունեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը, երբ նշանակեց 27 կէտ:
Անոր խմբակից Թրինիթի Պապթիսթ նշանակեց 16 կէտ, Այտա Պախոս` 12 կէտ, Տանիելլա Ֆայյատ եւ Ռանա Հիւսէյնի նշանակեցին 6-ական կէտ, Նաթալի Սվաճեան` 4 կէտ, իսկ Լէյլա Ֆարես եւ Զէյնա Էլիաս` 2-ական կէտ:
Նշենք, որ իր կրած այս պարտութեան պատճառով Թայփէ փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ:


