Սպանիոյ Սանթիակօ տէ Քոմփոսթելա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի յունահռոմէական ոճի հաւաքականը հանդիսացաւ չորրորդ:
Հայրենի կազմը այս ախոյեանութեան տիրացաւ մէկ ոսկի, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալներու:
Հայաստանի համար ոսկի մետալ ապահովողը հանդիսացաւ Եուրիկ Հովէեան, որ 63 քկ դասակարգին մէջ, յաղթելէ ետք իր ազրպէյճանցի եւ թուրք մրցակիցներուն, աւարտականին յաղթեց Վիթալի Երեոմենքոյին (Մոլտովա):
Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացան Վիգէն Նազարեան (87 քկ) եւ Սուրէն Աղաջանեան (60 քկ), մինչ պրոնզէ մետալակիրներ դարձան Հոմերոս Առաքելեան (55 քկ) եւ Գասպար Տէրտէրեան (67 քկ):
Հաւաքականը իր ելոյթները կատարեց մարզիչներ Մովսէս Կարապետեանի, Արմէն Առաքելեանի, Տիգրան Սահակեանի եւ Ժորա Վարդանեանի գլխաւորութեամբ:


