Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբին եւ խրուաթ միջնապահ Լուքա Մոտրիչի միջեւ գոյացաւ համաձայնութիւն մը:
Յայտարարուեցաւ, որ արքայական ակումբը ֆութպոլիստին հետ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 30 յունիս 2024:
37 տարեկան ֆութպոլիստը օգոստոս 2012-էն ի վեր մաս կը կազմէ Ռէալ Մատրիտին:
Նախորդ տարեշրջանին ան իր կազմին հետ կատարեց 52 մրցում, նշանակեց 6 կոլ եւ կատարեց նոյնքան էսիսթ: