Կիրակի, 25 յունիս 2023-ին, կազմակերպութեամբ «Ռիատի Պէյրութ» ակումբին, տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք` բաղկացած եօթը մրցումներէ, որոնք բաժնուած էին տարիքային խումբերու միջեւ:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի ճատրակի մարզիկները` արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ:
Մասնակիցներէն Միշել Աթայեան իր տարիքային խումբին մէջ (12 տարեկան) գրաւեց առաջին դիրքը:
Մարիա Մարտիկեան աղջիկներու իր տարիքային խումբին մէջ (12 տարեկան) գրաւեց առաջին դիրքը:
Մարտիկ Մարտիկեան իր տարիքային խումբին մէջ (14 տարեկան) գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Մարք Մարտիկեան իր տարիքային խումբին մէջ (12 տարեկան) գրաւեց երրորդ դիրքը:
Ժոզեֆ Խուրի գրաւեց երկրորդ դիրքը իր տարիքային խումբին մէջ (6 տարեկան):


