Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Հայաստան տիրացաւ իր առաջին մետալին:
17 տարեկանէն վար 49 քկ դասակարգի մրցումներուն, Կառլեն Դաւթեան տիրացաւ պրոնզ մետալին, երբ երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 181 քկ (80+101) արդիւնք մը:
Նոյն դասակարգին մէջ, Վոլոդեա Սարգսեան արձանագրելով նոյն արդիւնքը (79+102), գրաւեց չորրորդ դիրքը:


