Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Շիրակի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը ունեցաւ իր նոր նախագահը:
Նշուեցաւ, որ Արման Սահակեան վերընտրուեցաւ նախագահ, այսպիսով փոխարինելով Տիգրան Վիրաբեանը, որ իր պաշտօնը կը վարէ 2020-էն ի վեր:
Գիւմրին ներկայացնող ակումբը շնորհակալութիւն յայտնեց Վիրաբեանին` իր կատարած աշխատանքին եւ ակումբի զարգացման գործին մէջ իր ներդրած ջանքերուն համար: