Երէկ` երեքշաբթի, 4 յուլիսին Պէյրութի միջազգային օդակայանի պատուոյ սրահին մէջ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ազգային խումբը արժանացաւ ջերմ ընդունելութեան:
Ինչպէս ծանօթ է, Լիբանան Աւստրալիոյ մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան եւ յաջողեցաւ իր արձանագրած բաւական տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ մնալ Ա. դասակարգին մէջ, Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչը, ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, ֆետերասիոնի անդամ եւ Լիբանանի ազգային խումբերու նախագահ Ղազի Պուսթանի, մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները եւ մարզական լրագրողներ:
Ֆետերասիոնին նախագահը, բարձր գնահատելով մարզիկներուն կատարած ներկայացումները, իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Լիբանան մնաց Ա. դասակարգին մէջ, ինչպէս նաեւ շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ լիբանանեան պասքեթպոլը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու, որ միջազգային մակարդակի վրայ, միշտ կրնայ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել: