Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 23 տարեկան միջնապահ Արմէն Նահապետեան միացաւ խումբին` ստորագրելով երկու տարուան պայմանագրութիւն մը:
Նահապետեան, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է Փիւնիկին, Արարատ-Արմենիային, Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին եւ Նոային, Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 62 մրցումներու ընթացքին նշանակած է 3 կոլ:
Ան Արարատ-Արմենիայի հետ հանդիսացած է Հայաստանի կրկնակի ախոյեան եւ գերբաժակակիր, մինչ Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականին հետ ան իր մասնակցութիւնը բերած է 6 մրցումի:


