Սպանական մարզական մամուլին համաձայն, Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահներ Սերճիօ Ռամոս եւ Եորտի Ալպա շատ հաւանաբար տեղափոխուին Միացեալ Նահանգներ եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն «Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան:
Նշուեցաւ, որ Ինթեր Մայեմի, որ արդէն իսկ իր կազմին միացուցած է Պարսելոնայի նախկին ֆութպոլիստներ արժանթինցի Լիոնել Մեսսին եւ սպանացի Սերճիօ Պուսքեթցը, մօտէն կը բանակցի վերոնշեալ երկուքին հետ:
37 տարեկան Ռամոս եւ 34 տարեկան Ալպա, իբրեւ ազատ ֆութպոլիստներ այս ամրան ընթացքին յաջորդաբար հեռացան Փարիզ Սեն Ժերմենէն եւ Պարսելոնայէն:
Նշենք, որ նախորդ շաբաթավերջին Ինթեր Մայեմիի գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Պարսելոնայի եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ արժանթինցի Ժերարտօ Մարթինօ:
Ներկայիս, Ինթեր Մայեմի «Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան արեւելեան շրջանին մէջ կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 15-րդ եւ վերջին դիրքը: