Թենիս. «Ուիմպըլտըն». 4-րդ Դասուած Ռուտի Անակնկալ Պարտութիւնը` 142-րդ Դասուած Պրոտիէն
Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի դասաւորման 142-րդ դիրքին վրայ գտնուող անգլիացի Լիամ Պրոտի ստեղծեց մրցաշարքին մեծագոյն անակնկալը, երբ արձանագրեց 6-4, 3-6, 4-6, 6-3 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը 4-րդ դասուած նորվեկիացի Քասփըր Ռուտի դէմ: Անոնց միջեւ այս ճակատումը տեւեց շուրջ երեքուկէս ժամ: Գ. հանգրուանի մրցումներուն, անգլիացիին մրցակիցը պիտի...




















