ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ 2023-ի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ 12-22 դեկտեմբերին, Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքին մէջ:
Որոշումը կայացաւ ՖԻՖԱ-ի պատուիրակութեան արաբական երկիր այցելութենէն ետք:
Այս տարի աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան պիտի մասնակցին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի տիտղոսակիրը` Մանչեսթըր Սիթի, Ասիայէն` Ուրաուա Ռետ Տայըմընծ, եգիպտական Ահլին, մեքսիքական Լէոնը, նոր-զելանտական Օաքլենտ Սիթին, Սէուտական Արաբիոյ ախոյեան Հիլալը եւ հիւսիսային ամերիկեան խումբ մը, որուն անունը ցարդ յստակ չէ:
Նշենք, որ աշխարհի ակումբներու գործող ախոյեանն է Ռէալ Մատրիտ:


