Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Մարսելօ Պրոզովիչ, Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլանէն տեղափոխուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կազմերէն Նասըրի, որուն մաս կը կազմէ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբին յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ:
Նշուեցաւ, որ Ինթեր անոր այս փոխանցումէն պիտի ստանայ 18 միլիոն եւրօ:
2022-2023 տարեշրջանին 30 տարեկան Պրոզովիչ իր կազմին հետ կատարած 40 մրցումին ընթացքին նշանակեց 3 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ:
Ֆութպոլիստով բաւական մօտէն հետաքրքրուած էր նաեւ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա: