Վինըս Ուիլիամս Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն
Տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը, տարուան երրորդ թենիսի կրան շլեմի Ուիմպըլտընի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին գծով:
Այս մրցաշարքին 2-րդ դասուած Ճոքովիչ, որ մրցեցաւ աշխարհի միջազգային դասաւորման 68-րդ դիրքին վրայ գտնուող արժանթինցի Փետրօ Քաշինի դէմ, արձանագրեց 6-3, 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Ճոքովիչի մրցակիցը պիտի ըլլայ 70-րդ դասուած աւստրալիացի Ճորտըն Թոմսըն:
Աղջկանց մրցումներուն ծիրին մէջ, ամերիկացի Վինըս Ուիլիըմս դուրս մնաց մրցաշարքէն` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինայէն:
Թիւ 1 դասուած Իկա Սվիաթեք (Լեհաստան) 6-1 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց չինացի Զհու Լինի դէմ:
Մրցաշարքի մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 44,7 միլիոն փաունտ: