Սլովենիոյ Կրաթիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ժիւտոյի երիտասարդական բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի տղոց հաւաքականը` գլխաւորութեամբ աւագ մարզիչ Դաւիթ Խաչատրեանի:
60 քկ դասակարգի մրցումներուն, Վահէ Աղասեան իր կատարած չորս մենամարտերուն ընթացքին արձանագրելով նոյնքան յաղթանակ, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Իսկ 73 քկ դասակարգին մէջ, Արտակ Թորոսեան գրաւեց 5-րդ դիրքը: