Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցող Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, տղոց աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս ապահովեց Բ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-0, 6-2 եւ 7-5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով ֆրանսացի Ժերեմի Շարտին, որ կը գրաւէ աշխարհի դասաւորման 542-րդ դիրքը:
Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Ալքարասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ալեքսանտր Միւլըր – Արթուր Ռինտերքնեշ մրցումին յաղթականը (երկուքն ալ` ֆրանսացիներ):
Իր կարգին, Բ. հանգրուանի իր տոմսը ապահովեց 3-րդ դասուած Էլենա Ռիպաքինա (Ղազախստան), որ 4-6, 6-1 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց ամերիկացի Շելպի Ռոճըրզին:
Անգլիական մարզական մամուլը հաղորդեց, որ հանդիսատեսները բաւական դժգոհ մնացած են կազմակերպիչ յանձնախումբէն` նկատի ունենալով, որ մրցաշարքին առաջին օրը անոնք շուրջ տասը ժամ շարքի սպասած են, որովհետեւ ապահովութեան հսկող աշխատակիցները խուզարկած են իւրաքանչիւրին պայուսակը: