Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` «Թուր տը Ֆրանս»-ի 4-րդ հանգրուանի յաղթականը հանդիսացաւ պելճիքացի Ժասփեր Ֆիլիփսեն, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 4 ժամ 25′ 28” արդիւնք մը:
Նշենք, որ այս հանգրուանը (տափարակ) տեղի ունեցաւ Տաքսէն Նոկարօ (181,8 քմ):
Այս հանգրուանէն ետք, հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի անգլիացի Էտըմ Եթց (18 ժամ 18′ 01”):
Բնականաբար ան իր մօտ կը պահէ շրջավազքին դեղին շապիկը: