Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Լիվըրփուլի անցեալի ֆութպոլիստ Սթիւըն Ժերար նշանակուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ կազմերէն Իթթիֆաքի գլխաւոր մարզիչ:
Նշուեցաւ, որ ակումբը իր նոր մարզիչին պիտի տրամադրէ անհրաժեշտ ամբողջ գումարը, որպէսզի ան պատրաստէ զօրաւոր կազմ մը, որ ի վիճակի ըլլայ պայքարիլ ախոյեանութեան տիտղոսին համար:
Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Իթթիֆաք 37 կէտով գրաւեց 7-րդ դիրքը` 35 կէտով ետ մնալով ախոյեան հանդիսացած Իթթիհատէն:
Նշենք, որ 43 տարեկան Ժերար նախորդ տարի հոկտեմբերին հեռացաւ անգլիական Ասթոն Վիլայէն: