Մարզական

Թենիս. «Տապըլիու. Թի. Էյ.-250».  Էլինա Աւանեսեանի Յաղթական  Մեկնարկը` Պուտափեշթի Մէջ

Թենիս. «Տապըլիու. Թի. Էյ.-250». Էլինա Աւանեսեանի Յաղթական Մեկնարկը` Պուտափեշթի Մէջ

Աղջկանց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման 69-րդ դիրքին վրայ գտնուող ռուսահայ Էլինա Աւանեսեան ունեցաւ յաղթական մեկնարկ մը Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցող «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԹԻ. ԷՅ.-250»-ի թենիսի միջազգային մրցաշարքի ընթացքին: Աւանեսեան, որ Ա. հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ մրցեցաւ 171-րդ դասուած Ռեպեքա Շրամքովայի (Սլովաքիա) դէմ, արձանագրեց 2-6, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը, երկուքուկէս ժամ տեւած ճակատումին ընթացքին: Բ. հանգրուանի ծիրին մէջ, Աւանեսեան...

Վալենսիա Իր Կազմին Կ՛ուզէ  Միացնել Նայիր Տիկնիզեանը

Վալենսիա Իր Կազմին Կ՛ուզէ Միացնել Նայիր Տիկնիզեանը

Ռուսական մարզական մամուլին համաձայն, սպանական Վալենսիա ակումբը բաւական մօտէն հետաքրքրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Լոքոմոթիւ Մոսկուայի միջնապահ Նայիր Տիկնիզեանով: Նախապէս անիկա կը յայտնէր, որ ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ Ռէալ Սոսիետատ եւ Վոլֆսպուրկ: Ըստ ոչ պաշտօնական տեղեկութիւններու, Վալենսիա կը փափաքի երկու տարուան համար փոխ առնել 24 տարեկան ֆութպոլիստը, ապա պաշտօնապէս պայմանագրութիւն մը ստորագրել անոր հետ: Տիկնիզեան, որ նախորդ մայիսին...

Թենիս.  Նովաք Ճոքովիչ Տուգանքի  Ենթարկուեցաւ

Թենիս. Նովաք Ճոքովիչ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Սերպ անուանի թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ ութ հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով որ ան նախորդ շաբաթավերջին «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտական մրցումին զայրացած մէկ պահուն իր ռաքեթը կոտրած էր` զայն ուժգնօրէն զարնելով դաշտին կեդրոնը գտնուող փայտէ ցանցին: Ան ապա իր այդ կոտրած ռաքեթը նուիրած էր հանդիսատեսի մը, որ ինքզինք զգացած էր բաւական...

Քարլսըն Յայտնեց, Որ Իր Մասնակցութիւնը  Պիտի Չբերէ Դասական Ճատրակի Աշխարհի  Ախոյեանի Տիտղոսին Համար Պայքարին

Քարլսըն Յայտնեց, Որ Իր Մասնակցութիւնը Պիտի Չբերէ Դասական Ճատրակի Աշխարհի Ախոյեանի Տիտղոսին Համար Պայքարին

Աշխարհի ճատրակի 16-րդ ախոյեան, նորվեկիացի կրանտմասթըր Մակնուս Քարլսըն «Այմչես Ռափիտ» առցանց ճատրակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրանալէ ետք յայտնեց, որ իր մասնակցութիւնը պիտի չբերէ դասական ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար պայքարին: Այս լուրը պաշտօնապէս հաղորդեց նաեւ ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին «ՖԻՏԷ»-ի պաշտօնական կայքը:  

Իտալիա Հանդիսացաւ Եւրոպայի 19 Տարեկանէն  Վար 2023-ի Ֆութպոլի  Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Իտալիա Հանդիսացաւ Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար 2023-ի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Տիտղոսակիր

Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ ճակատեցան Իտալիա եւ Փորթուգալ: Արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Իտալիա հանդիսացաւ մրցաշարքի տիտղոսակիրը: Յաղթական կազմը իր եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց 19-րդ վայրկեանին: Վերջին անգամ Իտալիա այս մրցաշարքին տիրացած էր ճիշդ 20 տարի առաջ, երբ դարձեալ իր յաղթանակը արձանագրած էր Փորթուգալի...

Ռիվըր Փլէյթ Հանդիսացաւ  Արժանթինի Ֆութպոլի Ախոյեան

Ռիվըր Փլէյթ Հանդիսացաւ Արժանթինի Ֆութպոլի Ախոյեան

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռիվըր Փլէյթ, որ հիւրընկալեց Էսթուտիանթես տը լա Փլաթան, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռիվըր Փլէյթ 38-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, եւ այդ մէկը` ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ: Ռիվըր Փլէյթ, որ ունեցաւ 57 կէտ, 9 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը ունեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Թալերես Քորտոպայի...

Մայք Տին Աւարտեց Իրաւարարի  Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Մայք Տին Աւարտեց Իրաւարարի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Անգլիացի իրաւարար Մայք Տին պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզին: Ան 2000-2022 ժամանակամիջոցին եղած է Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») իրաւարար, ապա եղած է «ՎԱՐ» համակարգի իրաւարար, սակայն այդ պաշտօնը երկար ժամանակ չէ կատարած. ան իր վերջին նշանակումը ստացաւ նախորդ փետրուարին: Իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, 55 տարեկան Տին եղած է «Փրեմիեր Լիկ»-ի 560...

Մըկուայըր Զրկուեցաւ  Խմբապետի Պաշտօնէն

Մըկուայըր Զրկուեցաւ Խմբապետի Պաշտօնէն

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի նետերլանտցի գլխաւոր մարզիչ Էրիք Թեն Հակ յետսապահ Հերի Մըկուայըրը զրկեց խմբապետի պաշտօնէն: «Ան ինծի յայտնեց, որ խմբապետի պաշտօնի փոփոխութիւն պիտի կատարէ: Ան իր տուած որոշումը բացատրեց ինծի, եւ թէեւ հիասթափուած եմ, սակայն պիտի տամ իմ առաւելագոյնս` խումբին հետ յաջողութիւններու հասնելու համար», ըսաւ 30 տարեկան Մըկուայըր: Նշենք, որ ան առաջին անգամ ըլլալով խմբապետ նշանակուեցաւ նորվեկիացի մարզիչ Օլէ Կունար...

Թենիս. «Ուիմպըլտըն».  Քարլոս Ալքարաս Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Քարլոս Ալքարաս Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Նախորդ շաբաթավերջին իր աւարտին հասաւ «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքը, որ տարուան երրորդ կրան շլեմի մրցաշարքն է Աւստրալիոյ եւ «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմ-ի մրցաշարքերէն ետք: Տղոց աւարտականի սպասուած ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան թիւ 1 դասուած սպանացի Քարլոս Ալքարաս եւ 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ: 2015-էն ետք առաջին անգամ ըլլալով աւարտականի մրցումին իրարու դէմ կը մրցէին առաջին եւ երկրորդ դասուած մարզիկները:...

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային  Հաւաքականին Երկրորդ Պարտութիւնը` Վրաստանէն

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Ազգային Հաւաքականին Երկրորդ Պարտութիւնը` Վրաստանէն

Թիֆլիսի մէջ (Վրաստան) Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց ազգային հաւաքականը իր երկրորդ բարեկամական մրցումը կատարեց Վրաստանի աղջկանց խումբին դէմ: Հայրենի կազմը, որ իր նոյն մրցակիցէն առաջին մրցումին 5-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր, երկրորդին եւս պարտուեցաւ, այս անգամ` 3-1 արդիւնքով: Այս երկրորդ մրցումին, Հայաստանի միակ կոլը նշանակեց Ալաշկերտ Երեւանի յառաջապահ` Օքսաննա Փիզլովա:

«Եու. Էֆ. Սի.-Վեկաս 77».  Մելսիկ Բաղդասարեանի Յաղթանակը

«Եու. Էֆ. Սի.-Վեկաս 77». Մելսիկ Բաղդասարեանի Յաղթանակը

Հայաստանի ներկայացուցիչ Մելսիկ Բաղտասարեան, յաղթանակ արձանագրեց Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «ԵՈՒ. ԷՖ. ՍԻ.-Վեկաս 77» մրցաշարքին: Մելսիկ Բաղդասարեան, որ մենամարտեցաւ ամերիկացի Թաքըր Լութցի դէմ, իրաւարարներու որոշումով յաղթական հռչակուեցաւ 29-28, 29-28 եւ 29-28 արդիւնքով: Նշենք, որ ան իր արհեստավարժ ասպարէզի ընթացքին ցարդ արձանագրած է 8 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:

Լուքաս Սելարայեան Նշանակեց 2 Կոլ,  Սակայն Քոլոմպուս Քրու Պարտուեցաւ

Լուքաս Սելարայեան Նշանակեց 2 Կոլ, Սակայն Քոլոմպուս Քրու Պարտուեցաւ

«Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Քոլոմպուս Քրու, որ հիւրը եղաւ Փորթլենտ Թիմպըրզին, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը: Քոլոմպուսէն տուպլէ մը իրագործեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Լուքաս Սելարայեան, 45+3-րդ եւ 66-րդ վայրկեաններուն: Արեւելեան շրջանին մէջ, այժմ Քոլոմպուս 36 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը` 15 կէտով ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Սինսինաթիէն: Իսկ արեւմտեան...

«Թուր Տը Ֆրանս».  Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ  16-րդ Հանգրուանի Մրցումը

«Թուր Տը Ֆրանս». Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ 16-րդ Հանգրուանի Մրցումը

Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` «Թուր տը Ֆրանս»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Փասիէն Քոմպլու (22 քմ), որ պիտի ըլլայ ժամացոյցի դէմ մրցում մը: Իսկ վաղը` չորեքշաբթի, 19 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ 17-րդ հանգրուանի մրցումը, Սեն Ժերվէ Մոն Պլանէն Քուրշեվել (166 քմ), որ պիտի ըլլայ լեռնային հանգրուան մը: Նշենք, որ երէկ` երկուշաբթի, 17 յուլիսին, շրջավազքին երկրորդ հանգիստի օրն...

Վոլիպոլ. Եւրոպայի 22 Տարեկանէն Վար  2024-ի Ախոյեանութիւն.  Երեւանի Մէջ Տեղի  Պիտի Ունենան Զտումի Մրցումները

Վոլիպոլ. Եւրոպայի 22 Տարեկանէն Վար 2024-ի Ախոյեանութիւն. Երեւանի Մէջ Տեղի Պիտի Ունենան Զտումի Մրցումները

Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ 21-23 յուլիսին Հայաստանի կառավարութեան հովանիին տակ, Երեւանի «Կազփրոմ-Արմենիա» ուսումնամարզական համալիրին մէջ տեղի պիտի ունենան Եւրոպայի վոլիպոլի տղոց 22 տարեկանէն վար 2024-ի ախոյեանութեան զտումի մրցումները: Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան, Հայաստանի ազգային հաւաքականի մրցակիցները պիտի ըլլան Ֆրանսա, Դանիա եւ Փորթուգալ: Հայաստանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կարէն Ասմարեան, անդրադառնալով այս ախոյեանութեան...

Գիւմրեցի Մարզիկներն Ու Անոնց  Մարզիչները Պարգեւատրուեցան

Գիւմրեցի Մարզիկներն Ու Անոնց Մարզիչները Պարգեւատրուեցան

2022-2023 տարեշրջանին տարբեր մարզաձեւերու մէջ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանութիւններուն ախոյեան հանդիսացած եւ մրցանակային դիրքեր գրաւած մարզիկներն ու անոնց մարզիչները, յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, պարգեւատրուեցան Գիւմրիի համայնքապետարանին կողմէ: «Կը շնորհաւորեմ բոլորդ` նկատի ունենալով, որ ձեր բոլորին շնորհիւ միշտ ուրախութեան եւ հպարտանքի առիթ կ՛ունենանք: Մենք միշտ կանգնած պիտի մնանք մարզական միջոցառումներու մասնակցող մեր մարզիկներուն կողքին եւ ամէն ինչ պիտի ընենք ձեր յաջողութեան...

Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան Արձանագրեց  Լաւագոյն Արդիւնքը` Պենասքի Մէջ

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան Արձանագրեց Լաւագոյն Արդիւնքը` Պենասքի Մէջ

Սպանական Պենասք քաղաքին մէջ աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Հայկ Մարտիրոսեան, որ առաւելագոյն 10 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, գրաւեց դասաւորման 6-րդ դիրքը. ան ստացաւ նաեւ 800 եւրօ պարգեւավճար: Մրցաշարքին 477 մասնակիցներուն մէջ ամէնէն բարձր անհատական վարկանիշը (2685) ունեցող հայրենի կրանտմասթըրը կէս կէտով միայն ետ մնաց տիտղոսին տիրացած չինացի Պու Զիանկզիէն, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց...

Հրանդ-Լէոն Ռանոս Իր Նորամուտը Նշեց  Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի Հետ

Հրանդ-Լէոն Ռանոս Իր Նորամուտը Նշեց Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ, Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի նորեկ Հրանդ-Լէոն Ռանոս նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց գերմանական ակումբին հետ: Ուեկպերկ-Պիքի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, անոր կազմը արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Մրցումէն ետք ան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինքզինք շատ ուրախ զգաց, որ կատարեց իր առաջին մրցումը, միեւնոյն ժամանակ ալ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային ամէն գնով կը յաջողի...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ  8-րդ Անգամ Ըլլալով Գերբաժակակիր

Ռուսական Ֆութպոլ. Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 8-րդ Անգամ Ըլլալով Գերբաժակակիր

Ռուսիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի ճակատումին իրարու դէմ մրցեցան Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ եւ Մոսկուայի բանակայինները: Տիտղոսակիր դարձաւ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ, որ փենալթիներով 5-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը (մրցումին հիմնական ժամանակը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով): Այսպիսով, անիկա իր պատմութեան մէջ 8-րդ անգամ ըլլալով (յաջորդական` չորրորդը) տիրանալով այս մրցաշարքի տիտղոսին, դարձաւ մրցանշակիր: Մոսկուայի բանակայինները անոր տիրացած են 7 անգամ:  

Պրազիլցի Ռենան Լոտի Միացաւ Մարսէյի

Պրազիլցի Ռենան Լոտի Միացաւ Մարսէյի

Սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող պրազիլցի յետսապահ Ռենան Լոտի միացաւ ֆրանսական Մարսէյին, այս մասին յայտնեց այս վերջինիս մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ոչ պաշտօնական տուեալներու համաձայն, 25 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար Մարսէյ վճարեց 13 միլիոն եւրօ: Լոտի, որ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Մարսէյի հետ, նախորդ տարեշրջանին փոխ տրուած էր Նոթինկհամ Ֆորեսթին, որուն հետ կատարեց 28 մրցում:

Ինթեր Միլան Կը Պատրաստուի Նասըրի  Եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Դէմ Տեղի Ունենալիք  Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներուն

Ինթեր Միլան Կը Պատրաստուի Նասըրի Եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Դէմ Տեղի Ունենալիք Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցումներուն

Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան, վերադառնալով իր ամառնային արձակուրդէն, կը պատրաստուի Նասըրի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն: Ընդհանուր խումբին հետ իր փորձերուն սկսաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան: Իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած խումբը պիտի մեկնի Ճափոն եւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ սէուտական Նասըրի (27 յուլիս) եւ Ֆրանսայի...

Page 275 of 1280 1 … 274 275 276 … 1,280

Արխիւներ