Սպանական Պենասք քաղաքին մէջ աւարտած ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներուն մէջ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրեց Հայկ Մարտիրոսեան, որ առաւելագոյն 10 կէտէն 8 կէտ ապահովելով, գրաւեց դասաւորման 6-րդ դիրքը. ան ստացաւ նաեւ 800 եւրօ պարգեւավճար:
Մրցաշարքին 477 մասնակիցներուն մէջ ամէնէն բարձր անհատական վարկանիշը (2685) ունեցող հայրենի կրանտմասթըրը կէս կէտով միայն ետ մնաց տիտղոսին տիրացած չինացի Պու Զիանկզիէն, որ լրացուցիչ ցուցանիշներով գերազանցեց երկու ուրիշներու: Անոնք ստացան 4 հազարական եւրօ:
Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Կարէն Մովսիսեան 7-ական կէտով գրաւեցին յաջորդաբար 25-րդ եւ 30-րդ դիրքերը, մինչ Սոնա Ասատրեան 6 կէտով` 127-րդ դիրքը: