Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռիվըր Փլէյթ, որ հիւրընկալեց Էսթուտիանթես տը լա Փլաթան, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Ռիվըր Փլէյթ 38-րդ անգամ ըլլալով (մրցանիշ մը) հանդիսացաւ երկրի ախոյեան, եւ այդ մէկը` ախոյեանութեան աւարտէն երկու հանգրուան առաջ:
Ռիվըր Փլէյթ, որ ունեցաւ 57 կէտ, 9 կէտի հանգիստ առաւելութիւն մը ունեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Թալերես Քորտոպայի վրայ: