Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ, Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի նորեկ Հրանդ-Լէոն Ռանոս նախորդ շաբաթավերջին իր նորամուտը նշեց գերմանական ակումբին հետ:
Ուեկպերկ-Պիքի դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, անոր կազմը արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Մրցումէն ետք ան իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինքզինք շատ ուրախ զգաց, որ կատարեց իր առաջին մրցումը, միեւնոյն ժամանակ ալ յոյս յայտնելով, որ յառաջիկային ամէն գնով կը յաջողի լաւ արդիւնքի հասնիլ իր ակումբին հետ:
Նշենք, որ անոր նախորդ ակումբն էր Պայէրն Միւնիխի Բ. խումբը, ուրկէ ան հեռացաւ այս ամրան ընթացքին: