Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` «Թուր տը Ֆրանս»-ի 16-րդ հանգրուանի մրցումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 18 յուլիսին, Փասիէն Քոմպլու (22 քմ), որ պիտի ըլլայ ժամացոյցի դէմ մրցում մը:
Իսկ վաղը` չորեքշաբթի, 19 յուլիսին տեղի պիտի ունենայ 17-րդ հանգրուանի մրցումը, Սեն Ժերվէ Մոն Պլանէն Քուրշեվել (166 քմ), որ պիտի ըլլայ լեռնային հանգրուան մը:
Նշենք, որ երէկ` երկուշաբթի, 17 յուլիսին, շրջավազքին երկրորդ հանգիստի օրն էր, անոր մասնակցող հեծելանւորդներուն համար:
Ցարդ տեղի ունեցած 15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, հեծելանւորդներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի եւ դեղին շապիկը իր մօտ կը պահէ դանիացի Եոնաս Վինկըկար (նետերլանտեան Ժամպօ-Վիսմա խումբին մաս կազմող), որ արձանագրած է 62 ժամ 34′ 17” արդիւնք մը:
Անոր խումբը եւս կը գրաւէ խմբային ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը (188 ժամ 22’03”):