Իտալիոյ ֆութպոլի բաժակակիր եւ գերբաժակակիր Ինթեր Միլան, վերադառնալով իր ամառնային արձակուրդէն, կը պատրաստուի Նասըրի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումներուն:
Ընդհանուր խումբին հետ իր փորձերուն սկսաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ, միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան:
Իտալացի Սիմոնէ Ինցակիի գլխաւորած խումբը պիտի մեկնի Ճափոն եւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ սէուտական Նասըրի (27 յուլիս) եւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի (1 օգոստոս) դէմ:
Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ինթեր Միլան 19 օգոստոսին պիտի հիւրընկալէ Մոնցան: