«Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Քոլոմպուս Քրու, որ հիւրը եղաւ Փորթլենտ Թիմպըրզին, անկէ կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Քոլոմպուսէն տուպլէ մը իրագործեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Լուքաս Սելարայեան, 45+3-րդ եւ 66-րդ վայրկեաններուն:
Արեւելեան շրջանին մէջ, այժմ Քոլոմպուս 36 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը` 15 կէտով ետ մնալով առաջին դիրքին վրայ գտնուող Սինսինաթիէն:
Իսկ արեւմտեան շրջանին մէջ, 41 կէտով առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Սենթ Լուիս Սիթի: