Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումին իրարու դէմ ճակատեցան Իտալիա եւ Փորթուգալ:
Արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը` Իտալիա հանդիսացաւ մրցաշարքի տիտղոսակիրը:
Յաղթական կազմը իր եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց 19-րդ վայրկեանին:
Վերջին անգամ Իտալիա այս մրցաշարքին տիրացած էր ճիշդ 20 տարի առաջ, երբ դարձեալ իր յաղթանակը արձանագրած էր Փորթուգալի դէմ, 3-1 արդիւնքով: