Սերպ անուանի թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ ութ հազար ամերիկեան տոլար տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով որ ան նախորդ շաբաթավերջին «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտական մրցումին զայրացած մէկ պահուն իր ռաքեթը կոտրած էր` զայն ուժգնօրէն զարնելով դաշտին կեդրոնը գտնուող փայտէ ցանցին:
Ան ապա իր այդ կոտրած ռաքեթը նուիրած էր հանդիսատեսի մը, որ ինքզինք զգացած էր բաւական ուրախ:
Այդ տուգանքը պիտի առնուի Ճոքովիչի մրցանակային գումարէն, որ կը կազմէ 1,5 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Նշենք, որ ան աւարտականի մրցումին պարտուեցաւ սպանացի Քարլոս Ալքարասէն:


