Մարզական

Տիեկօ Սիմէոնէ` Առաջին Դիրքին Վրայ

Տիեկօ Սիմէոնէ` Առաջին Դիրքին Վրայ

Աշխարհի ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլի մարզիչն է Աթլեթիքօ Մատրիտի արժանթինցի գլխաւոր մարզիչը Տիեկօ Սիմէոնէ: Ան կը ստանայ տարեկան 30 միլիոն փաունտ, այս մասին յայտնեց անգլիական «Տը Սան»-ը, որ ներկայացուց տարեկան 8 միլիոն փաունտէն աւելի շատ վարձատրուող ֆութպոլի մարզիչներուն ցանկը: Երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլա (20 միլիոն փաունտ), մինչ Եիւրկըն Քլոփ (Լիվըրփուլ) կը գրաւէ երրորդ դիրքը...

Թենիս.  Մարքեթա Վոնտրուսովա Առաջին Անգամ  Ըլլալով Տիրացաւ Կրան Շլեմի Մը  Մրցաշարքի Տիտղոսին

Թենիս. Մարքեթա Վոնտրուսովա Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիրացաւ Կրան Շլեմի Մը Մրցաշարքի Տիտղոսին

Աղջկանց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման մէջ 42-րդ  դիրքին վրայ գտնուող չեխ Մարքեթա Վոնտրուսովա նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ տարուան երրորդ կրան շլեմի` «Ուիմպըլտըն»-ի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին: 24 տարեկան Վոնտրուսովա, որ աւարտական մրցումին մրցեցաւ 6-րդ դասուած թունուզցի Օնս Ժապերի դէմ, արձանագրեց 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Այսպիսով, ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով կրան շլեմի մը մրցաշարքին կը տիրանայ:...

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ».  Փիւնիկ 2-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը  Արձանագրեց, Մինչ Արարատ-Արմենիա  Եւ Ալաշկերտ-Երեւան` Հաւասարութիւններ

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ 2-0 Արդիւնքով Յաղթանակ Մը Արձանագրեց, Մինչ Արարատ-Արմենիա Եւ Ալաշկերտ-Երեւան` Հաւասարութիւններ

«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «Եուրոփա-Քոնֆըրընս-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները` Փիւնիկ-Երեւան, Արարատ-Արմենիա եւ Ալաշկերտ-Երեւան, իրենց մրցումները կատարեցին իրենց դաշտերուն վրայ: Եղիշէ Մելիքեանի գլխաւորած կազմը` Փիւնիկ-Երեւան, միակն ըլլալով յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ միւս երկուքը` հաւասարութիւններ: Նարվա Թրանսի դէմ (Էսթոնիա) Հայաստանի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւան արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ պոսնիացի յառաջապահ Լուքա...

Վահագն Յարութիւնեան. «Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք`  Հասնելու Համար Աւարտական»

Վահագն Յարութիւնեան. «Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք` Հասնելու Համար Աւարտական»

Հայաստանի աղջկանց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը կը պատրաստուի  18-23 յուլիսին Անտորրայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի Գ. դասակարգի պասքեթպոլի ախոյեանութեան: Հաւաքականը Վահագն Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ ուսումնամարզական իր հաւաքը կը շարունակէ Օլիմփիաւանի մէջ: Իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Յարութիւնեան ըսաւ. «Այս տարի մեր կազմին մէջ ունինք 14 տարեկան վեց խաղացող, որոնք թէեւ համահաւասար չեն այս մրցաշարքի մակարդակին, սակայն մեր նպատակն է բարելաւել անոնց...

Արթուր Քարտաշեան  Տեղափոխուեցաւ Իսթիքլոլ

Արթուր Քարտաշեան Տեղափոխուեցաւ Իսթիքլոլ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող կազմերէն Չարենցաւանի Վանին մաս կազմող յետսապահ Արթուր Քարտաշեան իր կազմէն հեռանալով տեղափոխուեցաւ Տաճիկիստանի ֆութպոլի ախոյեան Իսթիքլոլ: 26 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2023: Քարտաշեան, որ յունուար 2023-ին Նիկոսիայէն (Կիպրոս) տեղափոխուեցաւ Չարենցաւանի Վանին, նախապէս մաս կազմած է նաեւ Նոայի, Փիւնիկի եւ Սեւանի:

Զաւէն Բադոյեան Պայմանագրութիւն Մը  Ստորագրեց Արաբական Ակումբի Հետ

Զաւէն Բադոյեան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Արաբական Ակումբի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Զաւէն Բադոյեան երկկողմանի համաձայնութեամբ մը իր պայմանագրութիւնը խզեց ղազախական Աքժայիքի հետ: 33 տարեկան ֆութպոլիստը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը կնքեց Աֆիֆի նորաստեղծ ակումբին հետ, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Սէուտական Արաբիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան եւ պիտի մասնակցի բաժակի մրցաշարքին: Նշենք, որ ան ապրիլ 2022-ին իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ միացած էր Աքժայիքին, որուն հետ պայմանագրութիւն մը...

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Հաւաքականը  5-0 Արդիւնքով Ծանր  Պարտութիւն Մը Կրեց Վրաստանէն

Հայաստանի Ֆութպոլի Աղջկանց Հաւաքականը 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Վրաստանէն

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը, որ հիւրը եղաւ Վրաստանին, անկէ կրեց 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը: Հիւրընկալ կազմին առաջին կոլը նշանակեց 17 տարեկան միջնապահ Թինաթին Ամբալիա: Նշենք, որ Արտակ Ադամեանի գլխաւորած կազմը Վրաստանի հաւաքականին դէմ վաղը` կիրակի, 16 յուլիսին Թիֆլիսի մէջ պիտի կատարէ իր երկրորդ մրցումը:  

Չելսի Առաջարկ Պիտի Ներկայացնէ Նէյմարին,  Եթէ Ան Որոշէ Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Չելսի Առաջարկ Պիտի Ներկայացնէ Նէյմարին, Եթէ Ան Որոշէ Հեռանալ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆութպոլիստներու ամառնային փոխանցման ընթացքին, Չելսի կը մտադրէ առաջարկ մը ներկայացնել պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարին, եթէ ան որոշէ հեռանալ իր ակումբէն` Փարիզ Սեն Ժերմենէն: Ֆրանսական մարզական մամուլին համաձայն, ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանը ցարդ չէ կողմնորոշուած 31 տարեկան Նէյմարի ճակատագիրին գծով: Ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը` մայրաքաղաքի կազմին հետ, իր աւարտին կը հասնի 2025-ի ամրան:  

Պարսելոնա Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Ստորագրէ 16 Տարեկան Ֆութպոլիստին Հետ

Պարսելոնա Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Ստորագրէ 16 Տարեկան Ֆութպոլիստին Հետ

Սպանական մարզական մամուլը յայտնեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնա, պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ ակումբի սան, սպանացի 16 տարեկան յառաջապահ Լամին Եամալի հետ: Նշուեցաւ, որ քաթալոնական ակումբը եւ ֆութպոլիստին փոխանցման գործերով զբաղող անձը համաձայնած են երեք տարուան պայմանագրութեան մը շուրջ: Նախորդ տարեշրջանին ան իր նորամուտը նշեց Պարսելոնայի հետ` Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով: Քաթալոնական կազմին հետ ան դարձաւ «Լա Լիկա»-ին մէջ իր...

Պոնուչի Զարմացած`  Եուվենթուսի Տուած Որոշումէն

Պոնուչի Զարմացած` Եուվենթուսի Տուած Որոշումէն

Հակառակ անոր որ իտալացի փորձառու յետսապահ Լէոնարտօ Պոնուչի կը ծրագրէր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտել իր ակումբին` Եուվենթուսի հետ, սակայն անակնկալի եկաւ իր ակումբին տուած որոշումէն, ըստ որուն` ակումբը մտադիր չէ անոր պայմանագրութիւնը երկարաձգել: Ան իր կազմին հետ պիտի չմեկնի Միացեալ Նահանգներ շրջապտոյտի, եւ խումբին խմբապետի պաշտօնը պիտի վստահուի պրազիլցի Տանիլոյի: Այժմ, 36 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման գործողութիւններով զբաղող անձը անոր...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Էշլի Եանկ Միացաւ Էվըրթընի

Անգլիական Ֆութպոլ. Էշլի Եանկ Միացաւ Էվըրթընի

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 38 տարեկան նախկին յետսապահ Էշլի Եանկ իր ակումբը` Ասթոն Վիլան լքելով միացաւ անգլիական այլ կազմի մը` Էվըրթընի: Վերջին երկու տարեշրջաններուն, Ասթոն Վիլային մաս կազմած Եանկ, լիվըրփուլեան ակումբին հետ ստորագրեց մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը: Անգլիոյ հետ 39 մրցումի մասնակցած Եանկ «Փրեմիեր Լիկ»-ի ախոյեանութեան գծով ընդհանուր առմամբ մասնակցած է 422 մրցումի:

Թենիս. «Ուիմպըլտըն».  Ժապեր-Վոնտրուսովա Աղջկանց  Աւարտականի Ճակատում

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Ժապեր-Վոնտրուսովա Աղջկանց Աւարտականի Ճակատում

Աշխարհի աղջկանց թենիսի միջազգային դասաւորման 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող թունուզցի Օնս Ժապեր, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով ապահովեց «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին իր տոմսը, կիսաւարտականին իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ: Ժապեր, որ մրցեցաւ երկրորդ դասուած Արինա Սապալենքայի դէմ (Պիելոռուսիա), արձանագրեց 6-7, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: 28 տարեկան թունուզցին աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ չեխ...

Մարիա Գէորգեան` Ասիոյ Աթլեթի Ֆետերասիոնի Կիներու Յանձնախումբի Անդամ

Մարիա Գէորգեան` Ասիոյ Աթլեթի Ֆետերասիոնի Կիներու Յանձնախումբի Անդամ

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ  եւ Լիբանանի Աթլեթի ֆետերասիոնի գանձապահ Մարիա Գէորգեան ընտրուեցաւ Ասիոյ Աթլէթի ֆետերասիոնի կիներու յանձնախումբի անդամ: Կը շնորհաւորենք Մարիա Գէորգեանը եւ անոր կը մաղթենք յաջողութիւն:  

Հայրենի Մարմնամարզիկները Կը Մասնակցին  Ուսանողական Խաղերուն  Եւ Ողիմպիական Փառատօնին

Հայրենի Մարմնամարզիկները Կը Մասնակցին Ուսանողական Խաղերուն Եւ Ողիմպիական Փառատօնին

Հայաստանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ հայ մարմնամարզիկները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի ամառնային ուսանողական խաղերուն եւ Եւրոպայի երիտասարդական ողիմպիական փառատօնին: Չինաստանի Զհենկզհու քաղաքին մէջ 28 յուլիսէն 8 օգոստոս տեղի ունենալիք ուսանողական խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Արթուր Աւետիսեան եւ Գագիկ Խաչիկեան: Ինչ կը վերաբերի Սլովենիոյ Մարիպոր քաղաքին մէջ 23-29 յուլիսին տեղի ունենալիք Եւրոպայի երիտասարդական ողիմպիական փառատօնին, Հայաստանը պիտի...

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի  Հաւաքականը 2-1 Արդիւնքով Յաղթեց Սիւնիքին

Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը 2-1 Արդիւնքով Յաղթեց Սիւնիքին

Ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար տղոց հաւաքականը մրցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2023-2024 տարեշրջանին նախապատրաստուող Սիւնիքի դէմ: Մրցումը վերջ գտաւ հաւաքականին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Ակումբին մամլոյ քարտուղարութեան համաձայն, գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեան իւրաքանչիւր կիսախաղին դաշտ ներկայացուց տարբեր կազմեր` իր բոլոր մարզիկներուն ալ առիթ տալով մրցումին մասնակցիլ:  

«Չեմփիընզ Լիկ».  Ասթանա Չկրցաւ Յաղթել  Տինամօ Թիֆլիսին

«Չեմփիընզ Լիկ». Ասթանա Չկրցաւ Յաղթել Տինամօ Թիֆլիսին

«Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2023-2024 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ասթանա (Ղազախստան), որ հիւրընկալեց վրացական Տինամօ Թիֆլիսը, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: Թէեւ հիւրընկալ կազմը ինք նշանակեց հանդիպումին առաջին կոլը (11-րդ), սակայն 57-րդ վայրկեանին իր բերդին մէջ ստացաւ կոլ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Վարազդատ Հարոյեան Ասթանայի հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին, մինչ...

Դաւիթ Եուրչենքօ  Տեղափոխուեցաւ Թելավի

Դաւիթ Եուրչենքօ Տեղափոխուեցաւ Թելավի

Հայաստանի ֆութպոլի փոխախոյեան Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի նախկին բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ, տեղափոխուեցաւ վրացական Թելավի, այս մասին յայտնեց անոր նոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 37 տարեկան Եուրչենքօ, որ նախորդ յունուարին հեռացաւ Փիւնիկէն, վերջին շրջանին մաս կը կազմէր ռուսական Մետիալիկային (ոչ արհեստավարժ ֆութպոլի ախոյեանութիւն): Նշենք, որ ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 25 միջազգային մրցումի: Անոր նոր...

Պարսելոնա Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց  18 Տարեկան Պրազիլցի Վիքթոր Ռոքէի Հետ

Պարսելոնա Պայմանագրութիւն Մը Կնքեց 18 Տարեկան Պրազիլցի Վիքթոր Ռոքէի Հետ

Սպանիոյ ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Պարսելոնա, պայմանագրութիւն մը կնքեց պրազիլական Աթլեթիքօ Փարանայենսէի յառաջապահ Վիքթոր Ռոքէի հետ, այս մասին յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Նշուեցաւ սակայն, որ 18 տարեկան պրազիլցին 2023-2024 տարեշրջանին փոխ պիտի տրուի իր մաս կազմած ակումբին: Անոր պայմանագրութիւնը Պարսելոնայի հետ ուժի մէջ պիտի ըլլայ մինչեւ 2031, մինչ անոր հրաժարագինը կազմեց 500 միլիոն եւրօ: Ապրիլ 2022-ին անոր ստորագրութիւնը ունենալու համար...

Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչ  Եւս Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչ Եւս Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Այնպէս կը թուի, որ միջազգային ֆութպոլիստներու հոսքը այս ամրան ընթացքին պիտի շարունակուի դէպի Սէուտական Արաբիա` նկատի ունենալով, որ նոր ֆութպոլիստ մը եւս` սերպ միջնապահ Սերկէյ Միլինքովիչ-Սաւիչ, իր ակումբը` Լացիօ Ռոման լքելով միացաւ Հիլալի: Երկու կողմերը իրարու հետ կնքեցին երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, որ իր աւարտին կը հասնի 30 յունիս 2026-ին: Նշուեցաւ, որ անոր փոխանցման համար սէուտական խումբը հռոմեան ակումբին վճարեց...

Թենիս. «Ուիմպըլտըն».  Սապալենքա, Ժապեր, Ալքարաս Եւ Մետվետեւ  Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Սապալենքա, Ժապեր, Ալքարաս Եւ Մետվետեւ Ապահովեցին Կիսաւարտականի Իրենց Տոմսերը

Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտական հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, 2-րդ դասուած Արինա Սապալենքա (Պիելոռուսիա) ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` ամերիկացի Մետիսըն Քիզի դէմ (25-րդ) արձանագրելով 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը: Կիսաւարտականի մրցումներուն գծով, Սապալենքա իր դէմ պիտի ունենայ 6-րդ դասուած թունուզցի Օնս Ժապերը, որ իր յաղթանակը արձանագրեց 3-րդ դասուած Էլենա Ռիպաքինայի...

Page 276 of 1280 1 … 275 276 277 … 1,280

Արխիւներ